Հայաստան Կը Մասնակցի Հրաձգութեան Աշխարհի 51-րդ Ախոյեանութեան
1864
0
Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ սկսաւ հրաձգութեան աշխարհի 51-րդ ախոյեանութիւնը:
8 սեպտեմբերը մրցումներուն առաջին օրն էր, եւ Հայաստանի հաւաքականի ներկայացուցիչ Քրիսթիան Լաուերը 10մ, 60 կրակոց, տղամարդոց մրցախաղին կրցաւ 614,5 կէտ հաւաքել եւ 116 մրցակիցներու մէջ գրաւեց 84-րդ դիրքը:
Յիշեցնենք, որ աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներն են`
Զաւէն Իգիթեան եւ Սեւակ Արշակեան – ատրճանակ
Հրաչիկ Բաբայեան եւ Քրիսթիան Լաուեր – հրացան
Լիլիթ Մկրտչեան, Ռազմիկ Մինասեան, Յովհաննէս Խաչատրեան եւ Շանթ Սարգսեան – վազող թիրախ: