Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Զգուշացուցած Է Հոլլանտը


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին առանձին տեսակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Օպամայի հետ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Էրտողան նախ Միացեալ Նահանգները զգուշացուցած է Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած սպանդներուն առնչութեամբ: Էրտողան նաեւ դիտել տուած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործածուելու նպատակով զէնք պիտի մատակարարէ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութեան, ատիկա ճամբայ պիտի բանայ կրօնական եւ յարանուանական շատ ծանր բախումներու: Ան նաեւ պահանջած է Ֆեթհուլլա Կիւլենը Թուրքիոյ արտայանձնել:

Էրտողան նախ Օպամայի, ապա Մերքելի ուշադրութեան յանձնած է նաեւ Ուքրանիոյ խնդիրը: «Անոնք, որոնք Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը պաշտպանեն, պէտք է նոյնը ընեն նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի համար», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Մերքելի հետ հանդիպումին ընթացքին Էրտողան ամէնէն առաջ գանգատած է գերմանական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Թուրքիոյ վրայ կատարուած գաղտնալսումներէն:

Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր ունեցած մասնակի տեսակցութեան ընթացքին Էրտողան Հոլլանտը անգամ մը եւս զգուշացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցով նախատեսուած օրինագիծերուն որդեգրումէն: Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները նոր հանդիպում պիտի ունենան, եւ այդ առիթով պահանջած, որ Ազրպէյճանի համար կատարուած խոստումները յարգուին: «ՕԹԱՆ շատ կը զօրանայ, եթէ Ազրպէյճանի հետ գործակցութիւն հաստատէ», ըսած է Էրտողան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.