Քոնկրեսական Քլարք Կը Դատապարտէ Արցախի Դէմ Ատրպէյճանի Բռնարարքները
\n
\n ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարք հանդէս եկած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի աճող բռնարարքները դատապարտող յայտարարութեամբ:
\n Քոնկրեսականը նշած է. «Խորապէս մտահոգ եմ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական բռնարարքներով, ինչպէս նաեւ Կարմիր Խաչի պատուիրակութեան եւ հայ քաղաքացիներու վրայ արձակազէններու յարձակումներով: Չափազանց երկար ժամանակ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կ՛ապրի ատրպէյճանական բռնարարքներու մնայուն սպառնալիքին ներքեւ»:
\n Ըստ Քլարքի՝ բռնարարքներու այս արշաւը կը խախտէ երկարատեւ զինադադարը եւ կրնայ յաւելեալ մարդկային զոհեր պատճառել:
\n «Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը կրցած է ստեղծել կենսունակ եւ ժողովրդավար հասարակութիւն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն», աւելցուցած է ան:
\n Այս առիթով, Քլարքին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
\n \n