Սարոյեանի Անունով Փողոց՝ Պիթլիսի Մէջ


Պիթլիսի համաքաղաքապետներ Նեւին Տաղքինար եւ Հիւսէյն Օլան, «Կոմիտաս» հիմնարկի շնորհաւորագիրին հետ

ԼՈՆՏՈՆ.- «Կոմիտաս» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 8ին, Պիթլիսի քաղաքապետութիւնը որոշած է Ուիլեըմ Սարոյեանի անունով կոչել քաղաքի փողոցներէն մէկը, Սարոյեանի Պիթլիս այցելութեան յիսնամեակին առիթով։
Այս իրագործումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Պարզան Շերեֆհանօղլուն՝ թոռնիկը Սարոյեանի Պիթլիս այցելութեան օրերուն Պիթլիսի քաղաքապետին, որ իր կարգին Սարոյեանին ցուցաբերած յարգանքին համար՝ հալածուած էր Անգարայի իշխանութեանց կողմէ։
Սարոյեանի անունով փողոցը կը գտնուի Պիթլիսի այն շրջանին մէջ, ուր ապրած են Սարոյեանները։
Այս առիթով, «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան շնորհաւորագիր մը յղած է Պիթլիսի համաքաղաքապետներ Նեւին Տաղքինարին եւ Հիւսէյն Օլանին։

«Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան եւ Պիթլիսի համաքաղաքապետ Հիւսէյն Օլան Լուսանկարները՝ «Կոմիտաս» հիմնարկէն

Անուանակոչումը նաեւ պտուղներէն մէկն է այն համագործակցութեան, որ 2013ին սկսած է «Կոմիտաս» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան, Պիթլիսի իրաւաբանական միութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին միջեւ, եւ որուն շնորիւ Պիթլիսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ քանի մը ձեռնարկներ տեղի ունեցած են։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.