Ատրպէյճան Կը Սպառնայ Երկիրի Երեսէն Ջնջել Երեւանը


Ջղագրգռութեան մէջ գտնուող Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս անգամ սպառնացած է «երկրի երեսէն ջնջել Երեւանը»:
Վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը՝ «Արմէնփրէս» կը գրէ, որ ատրպէյճանական բանակի մարտունակութեան մասին մնայուն կերպով չհիմնաւորուած յայտարարութիւններով հանդէս եկող պաշտպանութեան նախարարութիւնը սպառնացած է Հայաստանին՝ Մինկեչաուրի ջրամբարի վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմին տարածած ապատեղեկատուութեան լոյսին տակ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանյանին կողմէ Մինկեչաուրի ջրամբարին մասին կատարուած յայտարարութիւնը իր ձեւով մեկնաբանելով՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սպառնացած է «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ուղղուած հրթիռները օգտագործել Երեւանը երկրի երեսէն ջնջելու համար»:

Ատրպէյճանական կողմի ապատեղեկատուութեան պատճառ դարձած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ վերջինս համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ Ատրպէյճան կը զգուշանայ Մինկեչաուրի ջրամբարի ուղղութեամբ հայկական կողմին գործողութիւններէն: Նախարար Օհանեանի խօսքերը իսկական խուճապ յառաջացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ, որոնք գրած են, թէ իրավիճակի հետագայ սրման պարագային հայկական կողմը կը պատրաստուի պայթեցնել Մինկեչաուրի ջրամբարը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.