Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանական առաջին ընտրութիւններու 95-ամեակ

\n

\n

1919ի 23 Յունիս 23ին, աւարտեցան խորխրդարանական առաջին ընտրութիւնները նորանկախ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մէջ։
Ուշագրաւ իրողութիւն է, որ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն շուրջ 13 ամիս ետք միայն կատարուեցան ժողովրդավարական առաջին ընտրութիւնները հանրապետական Հայաստանի մէջ։ 
Հիմնական պատճառը, անշուշտ, Հայաստանի Հանրապետութեան ինչպէս ծնունդը, այնպէս ալ կայացումը յատկանշող մեծ դժուարութիւններն էին։
Մայիս 1918ի վերջերուն, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, բառին բուն իմաստով «Անձեւ քաոս» մը կը պարզէին ամբողջ Ռուսաստանը, մանաւանդ՝ Անդրկովկասը եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանը, ուր պատերազմը դեռ աւարտած չէր։ Իսկ փլուզուած ցարական կայսրութեան փլատակներուն վրայ, անկախ Հայաստան եւ հայոց պետականութիւն կերտելու մեծ վազքը սկսած էր՝ շրջապատուած ներքին թէ արտաքին թշնամիներով։
Այդ պայմաններուն մէջ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը նախ նշանակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը՝ իր կազմէն Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, ապա նաեւ իր բազմակուսակցական բաղադրութեամբ առաջացուց Հայաստանի Խորհուրդը, որ նորաստեղծ հայոց պետականութեան օրէնսդրական հիմերը մշակելու առաքելութիւնը ունէր։
Թէեւ Դաշնակցութիւնը տիրական մեծամասնութիւն ունէր թէ՛ Քաջազնունիի կառավարութեան եւ թէ Հայաստանի Խորհուրդին մէջ, այսուհանդերձ՝ յատկապէս օրէնսդիր իշխանութեան ձեւաւորման կոչուած Հայաստանի Խորհուրդի պարագային բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով ընթացան ժողովրդավարական քննարկումներ ու պարզուեցան տեսակէտներու եւ ընտրանքներու բազմակուսակցական բուռն բախումներ։ Սոցիալիստ-Յեղափոխականները, Ժողովրդականները (հետագայ Ռ.Ա.Կ.ի հայաստանեան կորիզը) եւ անկուսակցականները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրական հիմերու ճշդորոշման եւ մշակումին մէջ։
Օրէնսդրական իր բոլոր քայլերուն մէջ, Հայաստանի Խորհուրդը կարեւորութեամբ շեշտեց Սահմանադիր Ժողովի գումարման հրամայականը, որպէսզի Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտը ներկայացնող քաղաքական հիմնական ուժերու եւ կուսակցութիւններու կողքին՝ նոյնինքն ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը ունենայ եւ վճռորոշ խօսքը ըսէ հայոց նոր պետականութեան Հիմնական Օրէնքին եւ սահմանադրական օրէնքներու որդեգրման վերաբերեալ։
Այսպէ՛ս, միաժամանակ ընթացան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու ընդարձակումը, ներքին դժուարութեանց յաղթահարումը (սովահարներու սնունդով ապահովումը, համաճարակներու դէմ պայքարը եւ գաղթականներու պատսպարումը), պետական վարչամեքենայի կառուցումը, ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ պաշտպանութեան կռուաններու ամրապնդումը եւ, մանաւա՛նդ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական հիմերու ճշդորոշումը։
Հայաստանի Խորհուրդը համաձայնութիւն գոյացուց խորհրդարանական կառավարման համակարգով իշխանութիւնը ձեւաւորելու սկզբունքին շուրջ։ Լրացուցիչ որոշում կայացուց նաեւ Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգի որդեգրման շուրջ։ Այդ զոյգ ուղղութիւններով համաձայնութեան յանգելէ ետք, Մարտ 1919ին, Հայաստանի Խորհուրդը որոշեց Մայիսին կատարել տեղական ինքնակառավարման համաժողովրդական ընտրութիւնները, իսկ Յունիսի 21էն 23՝ հանրապետական ընդգրկումով ունենալ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Հայաստանի նորաստեղծ խորհրդարանը պէտք է ունենար 80 պատգամաւոր։
Մարտ 12ին կառավարութիւնը հաստատեց համապատասխան ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած էր 1917ի համառուսական ընտրութեանց համար որդեգրուած օրէնքին վրայ։ Ընտրելու իրաւունք ստացան 20 տարիքը լրացուցած բոլոր քաղաքացիները՝ առանց սեռի, դաւանանքի եւ ազգային պատկանելութեան խտրութեան։ Կատարուեցաւ ընտրողներու ստուգման մարդահամար եւ հաստատուեցաւ, որ առանց Կարսի եւ Շարուր¬Նախիջեւանի պատերազմական պայմաններու մէջ գտնուող շրջաններուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը օրին ունէր 385.780 քուէարկող։
Կառավարութիւնը նշանակեց նաեւ ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովը, որ իր կարգին առաջացուց տեղական համապատասխան յանձնաժողովները եւ ամբողջ երկիրը թեւակոխեց նախընտրական պայքարի բուռն հանգրուանը։
Մայիսին կայացած տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւնները աւարտեցան Դաշնակցութեան ընտրացուցակներու ջախջախիչ յաղթանակով, ինչ որ իր անդրադարձը ունեցաւ խորհրդարանական ընտրապայքարի հետագայ ընթացքին վրայ։ Յատկապէս Ժողովրդական կուսակցութիւնը, որ մինչ այդ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր թէ՛ Հայաստանի Խորհուրդի աշխատանքներուն եւ Քաջազնունիի կառավարութեան, թէ՛ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն, որոշեց պոյքոթի ենթարկել խորհրդարանական ընտրապայքարը։ Ժողովրդականներու այս քայլը ունէր նաեւ հիմնական քաղաքական պատճառներ, որոնց շարքին կարեւորագոյնը Պօղոս Նուպար փաշայի բուռն ընդդիմութիւնն էր Հայաստանի Խորհրդարանի կազմութեան գաղափարին։
Այսուհանդերձ՝ Յունիսի 21էն 23 տեղի ունեցան Հայաստանի անդրանիկ Խորհրդարանի ընտրութեան քուէարկութիւնները, որոնց արդիւնքով՝ պատգամաւորական 80 տեղերէն Դաշնակցութիւնը տիրացաւ 72ին (ստանալով 230.272 քուէ)։ Սոցիալիստ-Յեղափոխականները ունեցան 4 պատգամաւոր, թուրքերը՝ 3, իսկ անկուսակցականները 1 պատգամաւոր։
Դաշնակցութեան ընտրական փայլուն յաղթանակն ու նորաստեղծ խորհրդարանէն ներս գերակշիռ ներկայութիւնը հիմնաւոր պատճառներ ունէին։ Անկախ Հայաստանի ստեղծման եւ հայոց պետականութեան կերտման առաջին տարին իրապէս մեծ յառաջընթաց արձանագրած էր եւ հայ ժողովուրդը անվերապահօրէն իր վստահութեան քուէն տուաւ Հայաստանի անկախութեան կռիւը գլխաւորած եւ հայոց պետականութեան վերականգնումի ուղին հարթած իր կուսակցութեան։
Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Օգոստոս 1ին։

\n

Ն.

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.