Ուրֆայի մզկիթի վերածուած հայկական եկեղեցիները կ՚օգտագործուին որպէս զովանալու վայր
Մարմարա – Տէմօքրաթ Հապէր լրատու կայքէջը իսլամական պայրամի օրերուն հրատարակեց Ուրֆայէն հետաքրքրական լուր մը, ուր կը հաղորդուէր որ ուրֆացիները իսլամական Րամատան տօնի տաք օրերուն սկսած էին յաճախել հայերէ մնացած ու հիմա մզկիթի վերածուած քաղաքի երկու եկեղեցիները, որոնք զովացուցիչ գործիք ունէին։ Ուրֆացիները հոն կը հանգչէին ու կը սպասէին որ իֆթարի (ճաշի) ժամը հասնի։ Մզկիթի վերածուած երկու հին եկեղեցիները, ամբողջ տարուան ընթացքին 11 ամիս պարապ մնալէ ետք, Րամատանի ընթացքին կը լեցուէին ժողովուրդով։
Թղթակից Սէրտար Քօրուճու կը հաղորդէ թէ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք երկար ժամանակ պարապ մնալէ վերջ, վերջին վաթսուն տարիներուն մզկիթի վերածուած հայկական եկեղեցիներու երկու գլխաւորներն են Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Առաքելոց եկեղեցիները, որոնք այսօր կը կոչուին Սէլահատտին Էյուպի եւ Նոր Ֆըրֆըրլը մզկիթներ։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ հին քարթ-փոսթալներու մէջ ունի շատ ուշագրաւ ու փառաւոր տեսարան, մինչեւ 1915 ծառայած էր որպէս Արքեպիսկոպոսական Առաջնորդարան։ Կը կոչուէր նաեւ »Մեծ եկեղեցի«։ Անոր քով կար Հայկական ոլէճը եւ ուրիշ եկեղեցի մըն ալ, որ ներկայիս կը գործածուի որպէս Ճումհուրիյէթ Միջնակարգ վարժարան։
Մզկիթի վերածուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որպէս մզկիթ, տակաւին սպասուած ընդունելութեան չէ արժանացած։ Ուրֆացիները կÿանտեսեն մզկիթի վերածուած այս հին եկեղեցին, որուն պատուհաններուն քով վիշապներու քանդակներ կան եւ կը նախընտրեն իրենց պաշտամունքը ընել քաղաքի հին մզկիթներուն մէջ։
Նմանօրինակ ճակատագիր մը բաժնած է նաեւ 1956-ին մզկիթի վերածուած միւս եկեղեցին որ Սուրբ Առաքելոցն է։ Յուշատախտակը կորսուած ըլլալուն, յայտնի չէ ո՞ր թուականին հիմնուած է ան, բայց Կուսակալութեան համացանցին մէջ չէ ճշդուած որ ասիկա հայկական եկեղեցի էր։
Կարճ խօսքով, երկու Հայկական եկեղեցիները, մզկիթի վերածուած ըլլալով հանդերձ, մինչեւ այսօր չեն կրցած հմայել Ուրֆացիները։ Միայն անոնց մէջ դրուած զովացուցիչ գործիքներն են որ այս տաք օրերուն կրցան հմայել տեղացիները, որոնք պարզապէս զովանալու համար էր որ պաշտամունքի կուգային հոն։