250 վանաձորցի երեխաներ կը մասնակցին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ճամբար 2014»ին
1668
0
Վանաձոր – Չորրորդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ Այս տարի ճամբարին կը մասնակցին 250 վանաձորցի երեխաներ, որոնք կը հետեւին ԳԵՄ-ի 8 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ տարբեր դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք…
Վանաձորի ճամբարի այս տարուան վարիչներն են՝ Լեւոն Սարմազեան, Ալիք Պուլկարեան, Գարինա Նաճիար, Սեւան Աբանեան, Կառնի Թաթիկեան, Նաթալի Սէթեան, Յովիկ Թաշճեան եւ Նազելի Խոտաբախշեան։