Արցախի Մէջ Սկսան Դաշնակցական Երիտասարդներու Կազմակերպած Ճամբարները
\n
\n
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Արցախի մէջ սկսան արդէն սովորական դարձած Դաշնակցութեան պատանեկան ճամբարները: Արդէն 4րդ տարին է, որ տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ ճամբարներ կը կազմակերպեն Արցախի տարբեր բնակավայրերու մէջ:
Այս տարի ճամբարներու մեկնարկը տրուեցաւ Մարտունի քաղաքէն, ուր մօտ 100 երեխաներ կ՛անցընեն ամառնային արձակուրդը՝ ո՛չ միայն ուրախ ժամանցով, այլ նաեւ դաստիարակ-չական տարբեր ծրագիրներով։
17 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Մարտունիի ճամբարի հանդիսաւոր բացումը, որուն կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Սարգսեան, Մարտունիի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդմոնդ Բարսեղեան, Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան: Այս առիթով խօսք առին Արմէն Սարգսեան, Էդմոնդ Բարսեղեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան պատասխանատու Անիա Յակոբեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Վարիչ մարմինի անդամ Ալեօնա Դադամեան: Ելոյթներէն ետք ճամբարականները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով:
\n
\n
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան այս ծրագիրով Արցախ կը գտնուին 12 երիտասարդներ, որոնց միացած են նաեւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան երիտասարդները: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն՝ այս տարի մասնակիցներուն աշխատանքային աշխարհագրական տարածքը ընդարձակուած է. արդարեւ, եթէ նախապէս ճամբար կազմակերպելու համար ամերիկահայ երիտասարդներ Հայաստան կը մեկնէին միայն Քալիֆորնիայէն, այս տարի երիտասարդներուն մէջ կան Թեքսասէն ու Պոսթընէն եկողներ։
«Ապառաժ»ի թղթակից Վահէ Յարութիւնեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան պատասխանատու Անիա Յակոբեան՝ խօսելով ճամբարին մէջ նախատեսուած առօրեայ աշխատանքներուն մասին նշեց, որ երեխաներուն համար պատրաստուած են տարբեր խաղեր, անգլերէնի դասընթացքներ, հայրենասիրական եւ այլ նիւթերով դասախօսութիւններ։ Անոր համաձայն՝ ճամբարին նպատակն է արցախցի երեխաներուն համար ուրախ ժամանց կազմակերպել ու նորանոր բաներ սորվեցնել: Ան դիտել տուաւ, որ ճամբարական պատանիները ճամբարին ընթացքին պէտք է նաեւ զգան Դաշնակցութեան ոգին, ուստի իրենց փափաքն է, որ ապագային անոնք համալրեն Արցախի երիտասարդական միութեան պատանեկան միութիւններու շարքերը: «Երկրորդ նպատակը կը վերաբերի մեզի՝ այս ծրագիրին մասնակցող սփիւռքահայ երիտասարդներուս, մենք այս ծրագիրին ընդմէջէն կը տեսնենք հայրենիքը, Արցախը ու մօտէն կը ծանօթանանք հայրենիքին: Նախորդ տարի ճամբարին նախաձեռնած մեր ընկերներէն լսած եմ, որ այս ճամբարներուն ընթացքին աւելի լաւ կը զգան հայրենիքին ազդեցութիւնը, եւ մասնակցելով այս ծրագիրին աւելի կ՛ամրապնդուի մեր կապը հայրենիքին հետ»։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ իրենց բոլոր նպատակները իրականութիւն դառնան՝ մտահոգութիւն յայտնելով այն մասին, որ բոլոր շրջաններուն մէջ պատանեկան միութիւններ չկան, այդ պատճառով ալ ճամբարին նպատակներէն մէկն է Արցախի երիտասարդական միութեան պատանեկան միութիւններու շարքերու խտացումը:
Քալիֆորնիայէն ժամանած Արփա Վարդանեան արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով կը մասնակցի Արցախի մէջ կազմակերպուած ճամբարներուն: Ան նշեց, որ ճամբարներու ծրագիրը Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ ներառուած է 2008 թուականէն Հայաստանի, իսկ 2010 թուականէն նաեւ Արցախի մէջ: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց, որ ճամբարներու կազմակերպման կարեւոր նպատակներէն է երեխաները դաստիարակել Դաշնակցութեան գաղափարներով, իսկ անոնցմէ ստանալ հայրենիքի եւ Արցախի ոգին: «Ես նկատած եմ, որ ճամբարները թէ՛ մեզի համար լաւ են, եւ թէ երեխաներուն համար, քանի որ երկուստեք կը շահինք շատ կարեւոր փորձառութիւն», ըսաւ ան։ Արփան կրկին որոշած է ճամբարին մասնակցիլ, քանի որ 2011ին մասնակցելով այս ծրագիրին շատ լաւ ժամանակ անցուցած է եւ շատ բաներ սորված է տեղւոյն երիտասարդներէն, նոյնիսկ երեխաներէն ու շատ տպաւորուած վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ։ Արփան ճամբարներու նպատակներուն անդրադառնալով՝ շատ կարեւոր նկատեց այս ծրագիրին շնորհիւ Սփիւռքի եւ հայրենիքի երիտասարդներուն միջեւ կապի հաստատումը, որուն շօշափելի արդիւնքները արդէն նկատելի են, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդները սկսած են շատ լաւ հասկնալու հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդները, եւ այս ծրագիրը իւրօրինակ կամուրջ է Սփիւռքի, հայրենիքի ու Արցախի երիտասարդներուն միջեւ: Արփան նաեւ կարեւոր նկատեց այն, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ երեխաները հասակ նետեն Դաշնակցական գաղափարներով՝ դիտել տալով, որ ճամբարները այդ նպատակը կը հետապնդեն:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան վարիչ մարմինի անդամ Ալեօնա Դադամեան, որ ամերիկահայ ընկերներուն հետ կը մասնակցի Մարտունիի ճամբարի կազմակերպչական աշխատանքներուն՝ «Ապառաժ»ին յայտնեց, որ այս ճամբարները նպատակաուղղուած են երեխաներուն մէջ կազմակերպուածութիւն, կարգապահութիւն եւ հայրենասիրութիւն սերմանելու, եւ ընդգծեց, որ անոնց նաեւ կարելիութիւն կու տան կապ հաստատել Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ, նաեւ առիթ կ՛ըլլան, որ սփիւռքահայ երիտասարդները աւելի մօտէն եւ աւելի լաւ ծանօթանան հայրենիքի մէջ առկայ խնդիրներուն:
Աւելցնենք նաեւ, որ այս տարուան Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն Դաշնակցութեան ճամբարները պիտի կազմակերպուին նաեւ Շուշիի, Ասկերանի, Բերձորի, Կովսականի եւ Ստեփանակերտի մէջ, եւ անոնց պիտի մասնակցին շուրջ 1000 պատանիներ:
\n
\n