Իսրայէլացի նախարարը Էրտողանին կը յիշեցնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
1178
0
«Իսրայէլ Նեշընըլ Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի փոխադրամիջոցներու նախարար, իշխող Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Եիսրայէլ Քաց հակադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի: Վերջինս Իսրայէլը ամբաստանած էր Կազայի մէջ «կանոնաւոր կերպով ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով:
Աղբիւրը կը գրէ. «Քաց Դիմատետրի իր էջին վրայ Էրտողանին յիշեցուց Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ 1915-ին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր սպաննուեցան օսմանցի զինուորներու կողմէ»:
«1915-ին թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայ սպաննեցին, եւ ան ցեղասպանութեամբ կ՛ամբաստանէ մեզ, որ իսլամական շարժումին մէջ իր բարեկամներուն դէմ կը կռուինք: Ո՞վ այսպիսի անձի մը հետ յարաբերութիւն ունենալ կ՛ուզէ», նշած է իսրայէլացի նախարարը: