Սուրբ Սահակ Պարթեւ, Հայոց տառերու գիւտին մղիչ ուժը. Մահուան 1575-ամեակ
\n
\n
1575 տարի առաջ, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանեցաւ հայոց վեհափառ հայրապետը‘ Սուրբ Սահակ Պարթեւը։
\n
Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան արմատաւորման եւ հոգեմտաւոր հարստութեան ծաղկումին մէջ հիմնարար եղաւ ներդրումը Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի, որ իր անունը անբաժանելիօրէն կապեց ոչ միայն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հայոց տառերու գիւտին, այլեւ‘ արդարօրէն արժանացաւ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերու համաստեղութեան մէջ բարի, առաքինի եւ վեհաշուք նահապետի լուսապսակին։
\n
Հայոց քրիստոնէական հաւատքի հիմնադրին‘ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմէն էր Սահակ Պարթեւ, զաւակն էր Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսին եւ եղաւ իր տոհմին վերջին ներկայացուցիչը, որ իբրեւ Կաթողիկոս արժանացաւ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր գահին եւ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ իր կոչումին։
\n
Ինչպէս իր տոհմի ռահվիրայ Սուրբերը, Սահակ Պարթեւ իր կարգին աշխարհական կեանք ապրած էր։ Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած էր Կեսարիա եւ Բիւզանդիոն‘ ժամանակի ուսմանց կարեւորագոյն հաստատութեանց մէջ, լուսաւորելով միտքն ու հոգին։ Տիրապետած էր ասորերէն, յունարէն եւ պարսկերէն լեզուներուն ու անոնց գրական եւ մշակութային‘ հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան։
\n
Ամուսնացած էր եւ ունեցած էր դուստր մը‘ Անոյշ կամ Սահականոյշ, որ հետագային ամուսնանալով Համազասպ Մամիկոնեանի հետ՝ ծնունդ տուած էր Վարդան Մամիկոնեանին, հայ ժողովուրդին ընծայելով մեր պատմութեան դարաւոր երթը սրբագործող քաջարի ազգային հերոսը։
Սահակ Պարթեւ դժբախտութիւնը ունեցաւ, երիտասարդ տարիքին, կինը կորսնցնելու եւ այրիանալու։ Ընտրեց մենաւոր ու ճգնաւոր կեանքը. իր մտքին ու հոգիին լոյսով պատրաստեց սերունդ մը աշակերտներու, որոնց հետ լծուեցաւ հայոց հոգեմտաւոր զարգացման մեծ առաքելութեան։
Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմութեան ճգնաժամային եւ տագնապալի ժամանակշրջանին զուգադիպեցաւ Սահակ Պարթեւի գործունէութիւնը։ Հայաստանի տիրապետութեան համար Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ անողոք մրցապայքարը իր գագաթնակէտին հասած էր։ Նոյնպէս եւ հայ նախարարական տուներուն միջեւ անմիաբանութիւնն ու փոխադարձ դաւադրութիւնները‘ թագաւորական գահին տիրանալու համար։ Այդ ներքին հակամարտութիւններէն դուրս չէր ձգուած նաեւ Ս. Էջմիածնի հոգեւոր գահակալութիւնը, որ Մեծն Ներսէսի վախճանումէն ետք երկար ատեն թափուր մնաց, մինչեւ որ Խոսրով Գ. թագաւորը 387 թուին Կաթողիկոս կարգեց Սահակ Պարթեւին։
Այդպէս սկսաւ շուրջ կէս-դարեայ հոգեմտաւոր փայլուն գահակալութիւնը Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի։
\n
Երեք տարի չէր անցած, երբ 390 թուին Բիւզանդիոնն ու Պարսկաստանը իրենց միջեւ կիսեցին Հայաստանը‘ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու բաժնելով մեր երկիրը եւ զանոնք, համապատասխանաբար, բիւզանդական ու պարսկական ազդեցութեան գօտիներու ենթարկելով։ Աշխարհակալական նոր սահմանագծումը իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ նաեւ հայ նախարարական տուներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ ներքին դասաւորումներուն վրայ։ Կաթողիկոսական գահին շուրջ եւս մրցապայքարը սաստկացաւ այն աստիճան, որ երբ Պարսկաստանը ուղղակի իր նահանգին վերածեց Արեւելեան Հայաստանը‘ Շահը գահազուրկ հռչակեց Սահակ Պարթեւ Կաթոիկոսին եւ երկու ասորի եպիսկոպոսներու յանձնեց Կաթողիկոսութեան գահակալութիւնը։ Հայ ժո-ղովուրդը, սակայն, երբեք չհամակերպեցաւ այդ բիրտ միջամտութեան, բնաւ չճանչցաւ ասորի եպիսկո-պոսներու հոգեւոր իշխանութիւնը եւ շարունակեց կառչած մնալ իր հոգեւոր ու սրբակեաց առաջնոր-դին՝ Սահակ Պարթեւին։
\n
Կաթողիկոսական իր գահակալութեան երկար ժամանակաշրջանին, Սահակ Պարթեւ գործեց իրերայաջորդ թագաւորներու եւ իշխաններու հետ՝ մէկ կողմէ իր ուժերը լարելով ի սպաս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնութեան եւ անկախութեան հոգեմտաւոր հիմերու ամրապնդումին, իսկ միւս կողմէ հաշտարար միջամտութիւններով հարթելով հայոց նախարարական վէճերը եւ հակակշռելով, բարոյական իր բարձր հեղինակութեամբ, հայոց թագաւորներուն եւ իշխաններուն սանձարկութիւններն ու սայթաքումները։
Յատկապէս Վռամշապուհ Արքայի թագաւորութեան շրջանը բեղմնաւոր առաքելութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց Սահակ Պարթեւի համար։ Թագաւոր եւ Կաթողիկոս ռազմավարական կարեւորութիւն տուին հայոց գրաւոր մշակոյթի ստեղծումին ու հարստացումին‘ իբրեւ ազգային ինքնուրոյն եւ ազատ զարգացման անփոխարինելի երաշխիքը, որուն լիարժէք արդիւնաւորման նախապայմանը հայոց գիրերու ստեղծումն էր։ Այդ մղումով ալ Վռամշապուհ Արքան եւ Սահակ Կաթողիկոս իրենց ամբողջական հոգածութեան եւ քաջալերանքին արժանացուցին ժամանակի հայ ամէնէն լուսամիտ եւ զարգացած վարդապետներէն Մեսրոպ Մաշտոցը, որուն վստահեցան հայ գրերու գիւտը։
Առանձին անդրադարձի արժանի է հայոց պատմութեան մէջ մեծագոյն դարձակէտ արձանագրած Հայ Գրերու Գիւտը եւ այս անդրադարձով, Սահակ Պարթեւի վաստակին վրայ կեդրոնանալով, անմիջապէս կþարժէ շեշտել, որ հայոց թագաւորին ամբողջական աջակցութիւնը վայելելով‘ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց ձեռք-ձեռքի տուին եւ իրենց բոլոր ուժերով, պատրաստուած ու զարգացած աշակերտներ իրեն շուրջ հաւաքելով, նուիրուեցան հայոց նոր տառերով Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան ու գրառումին։
\n
Վռամշապուհ Արքայի, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի միացեալ ճիգերով ու հոգեմտաւոր լոյսով է, որ հիգերորդ դարը դարձաւ հայոց պատմութեան Լուսաւորութեան Ոսկեդարը։ Երէց եւ Կրտսեր Թարգմանիչներու սերունդ հասաւ եւ ստեղծագործեց անոնց հովանիին, ամբողջական հոգածութեան եւ լիարժէք գործակցութեան պայմաններուն մէջ։ Ունեցանք ոչ միայն Աստուածաշունչի հայատառ հիասքանչ թարգմանութիւնը, այլեւ‘ հիմերը դրուեցան հայ հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան, որ ազգովին պահպանեց մեզ հետագայ դարերու աշխարհաքաղաքական դաժան ճնշումներուն, հալածանքներուն եւ ի սպառ ուծացման վտանգներուն դէմ։
Սահակ Պարթեւ հայրապետին անձնական ներդրումը, հայոց պատմութեան անիւը հիմնովին շրջած դարակազմիկ այդ նուաճումներուն մէջ, յատկանշուեցաւ թէ՛ սեփական մեծարժէք ստեղծագործութիւններով, որոնք հունաւորեցին եւ հարստացուցին հայոց հոգեւոր կանոնադրութիւնն ու գրականութիւնը, թէ՛ բարոյական անբասիր վարքագիծով, որ հայ իրականութիւնը տագնապեցնող արատաւոր շատ մը երեւոյթներու սրբագրման մղիչ ուժը դարձաւ։
\n
Մինչեւ խոր ծերութիւն ապրեցաւ Սահակ Պարթեւ։ Հակառակ արտաքին բազմապիսի ճնշումներուն եւ հարուածներուն, ինչպէս նաեւ ներքին անմիաբանութեան հետեւանք կաշկանդումներուն, Հայոց հոգեմտաւոր հարստութեան մեծ նահապետը յաջողեցաւ, միշտ Մեսրոպ Մաշտոցը ունենալով իր կողքին, բարի եւ առաքինի, այլեւ‘ լուսաւոր եւ լուսաբաշխ հայու կերպարը մարմնաւորել, հետագայ սերունդներուն ներարկելով անսպառ հաւատք, անկոտրում դիմադրականութիւն եւ ստեղծագործական կենարար շունչ։ Եւ հայ ժողովուրդը արդարօրէն սրբացուց Սահակ Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտոցը՝ իր երախտագիտութեան գերագոյն լուսապսակին արժանացնելով հայ հոգեմըտաւոր հարստութեան արմատաւորման ու ծաղկման անզուգական եւ իրարմէ անբաժան ռահվիրաները։
\n
Ն.
\n
\n