Քարվաճառի ուղղութեամբ ատրպէյճանական ներթափանցման փորձը կը կասեցուի. Գերեվարուած են ազերի զինուորներ

\n

\n

Յուլիս 10-ին, Արցախի Քարվաճառի ուղղութեամբ ատրպէյճանական բանակի յատուկ ուժերու միաւոր մը փորձ կատարած է ներթափանցել Քարվաճառի շրջան: Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զորամասերու ձեռնարկած գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ ատրպէյճանական հետախուզական խումբը յայտնաբերուած է, որուն անդամներուն մէկ մասը ձերբակալուած է, իսկ միւսները փախուստի դիմած են: Հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած:

\n

Նոյն օրը, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Վագիֆ Դարգահլըն, ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ դէպքին մասին հայկական կողմի լրատուութիւնը ապատեղեկատուութիւն է, որուն նպատակն է խուճապ ստեղծել։ Ատրպէյճանական շարք մը լրատուակայքեր, որոնց շարքին Haqqin.az, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն պահանջած են ստոյգ տեղեկութիւններ տրամադրել կատարուածին առնչութեամբ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.