Գանատայի մեր երիտասարդ քաղաքական գործիչները. Վերապրողներու սերունդի շառաւիղ՝ Սարօ Խաչատուրեան


Սարօ Խաչատուրեան կը պատկանի այն գանատահայ երիտասարդներու փաղանգին, որոնք 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին նետուեցան Գանատայի քաղաքական դաշտ՝ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մարզերէ ներս, ստանձնելով վարչական պաշտօններ:Սարոյին արմատները Պարտիզակէն եւ Ատիյամանէն են: Իր 99 տարիքը թեւակոխած մեծն մեծ մայրը Ցեղասպանութեան վերապրող է: Հօր կողմը լիբանահայ, իսկ մօրենական ընտանիքը՝ եգիպտահայ:

Սարոն ծնած է Թորոնթօ: Նախակրթական ուսումը ստացած է ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Թորոնթոյի Եորքլանտի քրիստոնէական վարժարանին մէջ:

Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ եւ տիրացած է քաղաքական գիտութեանց վկայականին, իսկ քաղաքականութեան ուսմանց մագիստրոսի վկայականը՝ Օթթաուայի Քարլըթըն համալսարանէն: Իբրեւ սարկաւագ տարիներով ծառայած է Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:Պատանի տարիքէն գործունեայ եղած է Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան երիտասարդական շարքերուն մէջ:

2011-ին պաշտօնավարած է Օնթարիոյի Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Թիմ Հուտաքի գրասենեակէն ներս եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է Թիմ Հուտաքի նահանգային ընտրապայքարը կազմակերպելու գործին մէջ:

Օթթաուա հաստատուելով, առաջին հերթին վերապատրաստման եւ փորձառական հանգրուանով աշխատակցած է ժողովրդավարական բարեփոխումներու դաշնակցային գրասենեակին մէջ, որմէ ետք որոշ ժամանակ մը պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդակցութեանց բաժանմունքին մէջ շարունակած է իր գործունէութիւնը:2013-ին, Գանատայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Քրիս Ալեքսանտրի գրասենեակի հաղորդակցութեանց բաժնին մէջ աշխատած է իբրեւ դաշնակցային պաշտօնեայ, իսկ 2014-էն ի վեր, Գանատայի արտաքին յարաբերութեանց նախարարութեան հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավարն է:

Իր նշանաբանն է. «Անոնք որոնք կարողութիւնը ունին ծառայելու իրենց համայնքներուն, բարոյապէս պարտաւոր են կատարելու այդ պարտականութիւնը»:

Լուսանկարը՝ Թորոնթոհայ քաղաքական պաշտօնատար Սարօ Խաչատուրեան վարչապետ Հարփըրի եւ տիկին Հարփըրի հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.