Ռուբէն Սեւակի դուստրը՝ Շամիրամ Սեւակ դարձաւ 100 տարեկան

\n

 

\n

Նոր Յառաջ.-  Ամբո՜ղջ խորհրդանիշ մը Մեծ Եղեռնի լուսաւոր նահատակներու ժառանգութեան եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարի։

1915-ին նահատակուած մտաւորականներու ամենէն յաճախ յիշուող անուններէն Ռուբէն Սեւակի (Ռուբէն Չիլինկիրեան) դուստրը՝ Շամիրամ, որ կը բնակի Ֆրանսայի հարաւը, Յուլիս 10-ին բոլորեց իր 100 տարիքը։Ան, Մեծ Եղեռնին զոհ գացած հայ մտաւորականներու զաւակներէն միակն է, որ ողջ է։

Ռուբէն Սեւակ յաճախելէ ետք իր ծննդավայրի Ասքանազեան նախակրթարանը, այնուհետեւ՝ Պարտիզակի վարժարանը եւ հուսկ՝ աւարտելէ ետք Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը 1905-ին, մեկնած էր Լօզան ուսանելու համար տեղւոյն բժշկական համալսարանը, ուրկէ պիտի վկայուէր 1911-ին։ 1911-1914 աշխատելէ ետք Լօզանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, 1915-ին պիտի որոշէր ընտանիքին հետ վերադառնալ Պոլիս, իր ժողովուրդին կողքին ըլլալու համար։

Սեւակ, Զուիցերիոյ մէջ ամուսնացած էր գերմանացի գնդապետ Ֆրանց Աբէլի աղջկան՝ Եանի Աբէլի հետ ու ունեցած երկու զաւակ. առջինեկը՝ Լեւոն, իսկ երկրորդը՝ Շամիրամ։ Պոլիս վեդադառնալէ ետք, 1915 Ապրիլին պիտի ձերբակալուէր եւ աքսորի ճամբուն վրայ նահատակուէր հայ մտաւորականներու այն խումբին հետ, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ եւ ուրիշներ։ Մահէն առաջ թուրք դահիճները Ռուբէն Սեւակին առաջարկեցին ընդունիլ իսլամութիւնը, ամուսնանալ թուրք պաշտօնեայի մը աղջկան հետ եւ փրկել կեանքը։

Անոր հետ աքսորավայրը գտնուող երեւելի հայ գործիչները փորձեցին զինք համոզել որ ընդունի առաջարկը փրկուելու համար։ Սակայն Ռուբէն Սեւակ հաւատարիմ մնաց իր ընտանիքին, իր զաւակներուն։ Ան հաւատարիմ մնաց իր ժողովուրդին եւ գերադասեց մահը՝ կեանքը ստորնաբար շարունակելու ողորմելի հեռանկարէն…Սեւակ դարձաւ Մեծ Եղեռնի զոհ. իր կինը եւ զաւակները ողջ մնացին…։

Հօր նման դժուարին եղաւ Շամիրամ Սեւակի կեանքն ալ. գերմանուհի մայրը, իր ամուսնոյն մահէն յետոյ զաւակներուն հետ հանգրուանեց Ֆրանսայի հարաւը։

Տարիքին համեմատ իր շատ երիտասարդ մնալուն մասին, Շամիրամ կ՚ըսէ. «Ինծի յաճախ կը հարցնեն՝ ի՞նչ է քու չծերանալու գաղտնիքդ, Շամիրա՛մ։ Պատասխանս միշտ կ՚ըլլայ՝ հա՜յրս, անոր սիրային երգը։ Այլապէս սարսափելի է մտածել, որ ես անկէ աւելի քան երեք անգամ տարիքոտ եմ (Սեւակ 30 տարեկան էր երբ նահատակուեցաւ)։ Ո՛չ, ո՛չ, ան իմ հայրն է, եւ անոր ինծի ուղղուած դասերը, դեռ չեն աւարտած»։ 

\n

Նկարը՝ Շամիրամ եւ եղբայրը Լեւոն նկարուած 2003 թուականի Դեկտեմբերին։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.