Քանտըլիզա Ռայս՝ Արցախի Հակամարտութեան Յատուկ Պատուիրա՞կ
1334
0
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քանտըլիզա Ռայս կրնայ դառնալ Արցախի հակամարտութեան հարցով Ամերիկայի յատուկ պատուիրակ. այսպէս ըսած է նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնած, իսկ այժմ ամերիկեան «Ճան Հափքինզ» կեդրոնի անդրատլանտեան յարաբերութիւններու հարցերու փորձագէտ Տէյվիտ Մերքըլ, աւելցնելով, որ Արցախի հակամարտութեան հարցով Ամերիկայի յատուկ պատուիրակ մը պէտք է նշանակուի, ցոյց տալու համար, թէ Ուաշինկթը լրջութեամբ կը հետեւի տագնապը լուծելու ջանքերուն: