Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպեցաւ Գանատայի Կրօններու Ազատութեան Գրասենեակի Դեսպան Տոքթ. Անտրու Պէնէթին հետ


6 Յուլիս 2014-ին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, հանդիպեցաւ Գանատայի Կրօններու Ազատութեան Գրասենեակի Դեսպան Տոքթ. Անտրու Պէնէթին հետ, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս:

 Հանդիպումը նախաձեռնուած էր Դեսպանին կողմէ, որ եկած էր այցելելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով:

 Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան կրօններու հետ կապուած դժուարութիւնները, յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած նորօրեայ ճգնաժամը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ  Գանատայի Կրօններու Ազատութեան Գրասենեակի միջեւ շարք մը ծրագիրներու գծով համագործակցութեան մասին:

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Դեսպանը Անթիլիասի Մայրավանք, պաշտօնական այցելութեամբ ծանօթանալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Գահակալ Կաթողիկոսը կը հանդիսանայ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան գլխաւոր ջատագովը:

 Հանդիպման ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, անդամ Կրօնական Ժողովին եւ ներկայացուցիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ատենապետ՝ Ազգային Վարչութեան, պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան, ատենապետ՝ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, պրն. Յակոբ Արեւեան, ատենապետ՝ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ պրն. Զարեհ Տէրվիշեան, ներկայացուցիչ՝ ՀՅԴ Սարգիս Զէյթլեան կոմիտէի:

 Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, Դեսպան, Պէնէթ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, արարողութեան ընթացքին ընթերցումներ կատարելով Սուրբ Գիրքէն։

 ԴՒԻԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.