Բողոք՝ Սասնոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Ախոռի Վերածելու Քայլերուն Դէմ
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Սասնոյ հայերու միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը Պաթման նահանգի Սասուն շրջանի Արվիզինք եւ Շէնգալիք գիւղերուն մէջ հայկական եկեղեցիները ախոռի վերածելու հարցով բողոք ներկայացուցած է Պաթմանի հանրապետական դատախազութեան: Տաղճը ցաւ յայտնած է, որ հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանոցները հետզհետէ անճանաչելի կը դառնան, եւ կոչ ըրած է եկեղեցիները անյապաղ պահպանութեան տակ առնելու:
«Տարին մէկ անգամ գոնէ իրաւունք ունինք եկեղեցիներուն մէջ աղօթելու մեր հանգուցեալներուն համար: Բայց ախոռի վերածուած եկեղեցիներուն մէջ չենք կրնար աղօթք ընել», ըսած է ան՝ ըստ թրքական «Պաթմանչաղտաշ» կայքին:
Սասնոյ հայերու միութեան ղեկավարը նշած է նաեւ, որ Պաթմանը կտրուած է զբօսաշրջիկներու հոսքէն, հակառակ անոր, որ ունի զբօսաշրջութեան զարգացման մեծ ներուժ: Լաւ ճանապարհներու եւ ենթակառուցուածքներու բացակայութեան պատճառով, օտար զբօսաշրջիկները առիթ չեն ունենար ճանչնալու Պաթմանը եւ կը նախընտրեն Վանն ու Մարտինը: