Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետի Վախճանման 15-րդ Տարելիցին Առիթով. (27 Օգոստոս 1931- 29 Յունիս 1999)
\n
\n
Ամենայն Հայոց վախճանեալ կաթողիկոս Գարեգին Ա. վեհափառը 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կեանքի ամէնէն շքեղ եւ փայլուն անձնաւորութիւններէն մէկն էր, իմաստուն, խոհեմ, հեռատես, հմուտ աստուածաբան, հոգեւորական, եկեղեցական մեծ գործիչ, հաւատաւոր էքիւմենիք, ուսուցիչ,փայլուն հռետոր, գրասէր եւ գրագէտ հայրապետ, բազմագիտակ գիտնական,առաջնորդ,հայ լեզուի ոսկերիչ, դիւանագէտ եւ այլ շատ մը շնորհներու տէր անձնաւորութիւն մըն էր:
\n
Ան հանդիսացած էր աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ճանաչում գտած հայերէն մին ըլլալու դիրքի: Ան ռահվիրայ եղաւ զանազան ճակատներու վրայ, ինք ուր որ եղաւ, ինչ որ գործեց, իրագործեց գեղեցկագոյն կերպով: Անթիլիասի դպրեվանքի իր փայլուն աշակերտութեան շրջանէն ետք, նախ դարձաւ դպրեվանքի ուսուցիչ, յետոյ տեսուչ ու հմայիչ վարդապետ: Ուսանելու համար գնաց Օքսֆորտ, հոն դարձաւ բոլորին համար Արեւելքէն եկող իմաստուն վարդապետը, ապա վերադարձաւ Անթիլիաս, եղաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին մօտիկ գործակիցներէն մին, դարձաւ ամերիկեան համալսարանի դասախօս:
\n
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, աւազանի անունով` Նշան Սարգիսեան, ծնած է 27 օգոստոս 1932-ին, Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ, յետոյ ան կ՛ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Անթիլիաս:
\n
29 մայիս 1949 թուականին սարկաւագ կը ձեռնադրուի: Սարկաւագութեան տարիներու անդամակցած է Սուրբ Աթոռի պաշտօնաթերթ «Հասկ»-ի խմագրութեան: Դպրեվանքը կ՛աւարտէ 1952 յունիսին:
\n
Աբեղայ կը ձեռնադրուի 28 սեպտեմբեր 1952 թուականին` վերակոչուելով Գարեգին աբեղայ, ի յիշատակ վախճանեալ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի: 5 յունիս 1955-ին վարդապետական աստիճան կը ստանայ: 1956 թուականին կը կոչուի դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնին:
\n
1957 թուականին կը յաճախէ Օքսֆորտի համալսարանի աստուածաբանական բաժինը. պատրաստած է «Քաղկեդոնի ժողովը եւ հայ եկեղեցին» աւարտաճառը:
\n
1960 թուականին կը վերադառնայ Պէյրութ, Անթիլիաս, եւ կրկին կը վարէ դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:
\n
Ան եղած է վերջին քառասուն տարիներուն ընթացքին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեանքի եւ գործունէութեան ծիրէն ներս միջեկեղեցական շարժումի որպէս, նախաձեռնողներէն եւ զարգացողներէն մէկը: 1955 թուականէն ի վեր անդամակցած է միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու համագումարներուն եւ ժողովներուն:Ան կանոնաւորաբար ներկայ գտնուած է բազմաթիւ միջեկեղեցական միջկրօնական համաժողովներու իբրեւ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ:
\n
1975-1983 թուականներուն Եկեղեցիններու համաշխարհային խորհուրդի Նայիրոպիի համաժողովին կ՛ընտրուի խորհուրդի փոխատենապետ:
\n
16 յունիս1963 թուականին կը բարձրանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի, 19 յունուար 1964-ին` եպիսկոպոս, իսկ 26 ապրիլ 1973 թուականին կը ստանայ արքութեան աստիճան:
\n
24 փետրուար 1971 թուականին կ՛ընտրուի Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առաջնորդ,իր առաջնորդութեան շրջանին կը ծաղկի թեմի հոգեւոր ու մշակութային կեանքը: 21 յունիս 1973 թուականին Գարեգին եպիսկոպոս նախ կը նշանակուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հայրապետական պատուիրակ, ապա կ՛ընտրուի թեմի առաջնորդ: Իր իմաստուն ղեկավարութեամբ, զարկ կու տայ Ամերիկայի եւ Քանատայի ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային կեանքի զարգացման` շեշտելով երտասարդ տարրին գործօն մանակցութիւնը այս մարզերէն ներս:
\n
Ան խորապէս հաւատալով երիտասարդութեան կարեւոր դերին ազգի ղեկավարութեան մէջ եւ անոր մասնակցութեան կարեւորութեան կրօնական ու մշակութային կեանքի մէջ, 1963 թուականին կը հիմնէ «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը» ՀԵՀՈՄ:
\n
22 մայիս 1977 թուականին Գարեգին արքեպիսկոպոս կ՛ընտրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից կաթողիկոս, իսկ 1983-ին, Խորէն Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, փետրուար 1983-էն սկսեալ կը գործէ կաթողկիոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տիտղոսով:
\n
Իր գահակալութեան տասնութ տարիներու ընթացքին առաւել եւս փայլք ստացաւ Կիլիկեան Աթոռը: Ան զարկ տուաւ ազգային, կրօնական, մշակութային եւ շինարարական մարզերուն մէջ աշխատանքներուն: Գարեգին կաթողիկոսի յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ դպրեվանքը, զոր 1977 թուականին Անթիլիասէն փոխադրեց Պիքֆայա:
\n
Գարեգին կաթողիկոսի իմաստուն տնօրինութեան շնորհիւ` նոր փայլք մը ստացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութիւնը հայ մշակոյթի մարզէն ներս, որուն մէջ լայն տեղ ունեցաւ հրատարակչական աշխատանքը: Անոր ջանքերով, իր կաթողիկոսութեան շրջանի տասնըութ տարիներուն աւելի քան 350 հատոր հրատարակութիւններ ու գիրքեր լոյս տեսան կաթողիկոսարանի տպարանէն:
\n
3 – 5 ապրիլ 1995 թուականներուն Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի դարաւոր Սուրբ աթոռին 131-րդ գահակալը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս: Գարեգին Ա. կաթողկիոս հետամուտ էր շարունակական զարգացման եւ յառաջդիմութեան, եւ այդ պատճառով ան զարկ տուաւ թէ՛ երիտասարդութեան ձեռնարկներուն եւ թէ՛ բոլոր այն գործունէութեանց, որոնք թարմ եւ կենդանի կը պահեն Աստուծոյ շունչին թարմ եւ կենդանի ներկայութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ներկայ կեանքին մէջ:
\n
Իր գահակալութեան տարիներուն կարողացաւ ոչ միայն իր ազգի արժանաւոր հոգեւոր հայրը ու սիրեցեալ առաջնորդը ըլլալ, եղաւ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհի էքիւմենիք շարժումի հաւատաւոր գործիչներէն մէկը:
\n
Գրագէտ եւ գրասէր էր Գարեգին վեհափառը, գիրքին շատ կապուած էր, գիրքը իրեն համար պաշտամունքի առարկայ էր. ուր որ երթար, աղօթքէն ետք իր առաջին գործը կ՛ըլլար գրատուն երթալ եւ գիրք փնտռել: Ան չեղաւ միայն քարոզիչ մը, աստուածաբան մը, այլ դարձաւ նաեւ հայ մշակոյթի ծառան, եւ նաեւ` հայ լեզուի ծառան ու ոսկերիչը:
\n
Գրական – աստուածաբանական մարզերէն ներս, անկախ իր ստորագրած հայերէն , անգլերէն, ֆրանսերէն մեծ թիւով յօդուածներուն, որոնք լոյս տեսած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ «Հասկ»-ի մէջ, ունի շատ մեծ թիւով հայ եւ օտար թերթերու մէջ հրատարակուած յօդուածներ: Ան ունի նաեւ հայերէն եւ օտար լեզուներով հրատարակուած բազմաթիւ գիրքեր:
\n
1998-ի սկիզբները վեհափառին առողջական վիճակը սկսաւ խանգարուիլ, ան կը տառապէր լեզուի քաղցկեղէ, ենթարկուած էր երկու վիրահատական գործողութիւններու, որոնց ընթացքին ան կորսնցուցած էր իր լեզուին, կզակին եւ կոկորդին մէկ մասը: Դարմանումը, սակայն, չտուաւ դրական արդիւնք: Բժիշկները ըրին ամէն ինչ, որ կրնային ընել, վերջին օրերուն իրեն կը սրսկէին միայն ցաւազրկիչներ: Մեր սիրեցեալ վեհափառը 29 յունիս 1999-ին երեքշաբթի ժամը 17.50-ին (Երեւանի ժամով) անժամանակ իր հոգին աւանդեց իր Տիրոջ ձեռքերուն:
\n
15 տարիներ անցան վեհափառ հայրապետի վախճանումի թուականէն ի վեր, սակայն հայ ժողովուրդը դարձեալ կը վերյիշէ զինք. ինչն է, որ զայն այսքան կենդանի կը պահէ ու սիրելի կը դարձնէ մեզի. իր զուարթախօսութի՞ւնը, իր հաղորդականութի՞ւնը, իր իմացականութի՞ւնը, իբրեւ ուսուցի՞չ. գրագէ՞տ, հեղինա՞կ, միջեկեղեցական առաջնո՞րդ, որպէս հոգեւորակա՞ն: Ես կը կարծեմ, թէ՛ մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր սիրտերուն մէջ այս հարցումներուն պատասխանը ունինք:
\n
Այնքան ատեն որ Արաքս գետը իր հունով կը հոսի եւ Արարատի վրայ ծիածանն ալ, ի նշան խաղաղութեան երկնակամարի վրայ պիտի փայլի, այնքան ատեն որ արեւը արեւելքէն պիտի ծնի եւ արեւմուտքէն մայրը պիտի մտնէ, այդքան ատեն հայ ժողովուրդը պիտի պահէ երջանկայիշատակ հայրապետին մեծաշուք անունը պանծալի եւ անոր խնկելի քաղցր յիշատակը` անթառամ:
\n
Բարձրեալն Աստուած երջանկայիշատակ վեհափառ հօր հոգին հանգչեցնէ իր երանաւէտ, լուսեղէն խորաններուն մէջ եւ զայն ընդունի իր սուրբերուն կարգին, անոր հոգին յաւերժութեան լոյսով լուսաւորուի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատ ու անսասուն պահուի անոր քաղցր անմոռանալի յիշատակը:
\n
Կը խոնահիմ անոր սրբակենցաղ, խնկելի ու քաղցր յիշատակին առջեւ:
\n
ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
\n
Գերմանիա
22 յունիս 2014
\n