Ստեփանակերտի Օդակայանէն Առաջին Փոքր Թռիչքները Ազրպէյճանի Մէջ Անհանգստութիւն Յառաջացուցած Են
1264
0
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ստեփանակերտի օդակայանէն սկսած են կարճ տարածութեան վրայ թռիչքներ կատարել մէկ շարժակ ունեցող օդանաւեր, որոնք նախատեսուած են երկու անձի համար:
Օդանաւի ծառայութենէն կ՛օգտուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկները: Օդանաւը թռիչք կը կատարէ Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Մարտակերտի վերեւ:
Օդանաւին թռիչքը ներկայացնող տեսագրութիւնը, որ յայտնուած է համացանցին վրայ, Ազրպէյճանին ջղագարութիւն պատճառած է: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները անհանգստութեամբ արձանագրած են այն փաստը, որ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ սկսած են թռիչքներ կատարել առաջին օդանաւերը:պատասխան միջոցառումներ, որոնց շարքին` գերիներու փոխանակում: