Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Ծիծեռնակաբերդ
1421
0
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարարի եւ Եւրասիոյ ու Կեդրոնական Եւրոպայի բաժինի ղեկավար Աննա Ազարիի գլխաւորութեամբ Հայաստան գտնուող իսրայէլեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը 18 Յունիսին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ։
\n Իսրայէլի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Շմուեր Մէյրոմը եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան Իրաքի ու Իրանի բաժանմունքի ղեկավար Նիսան Ատմուրը, ծաղիկներ զետեղած է անմար կրակին շուրջ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
\n Հիւրերը նաեւ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացած են Ցեղասպանութեան պատմութեան մասին ժամանակաւոր ներկայացումներու եւ փաստերու։ \n