ԿՈՉ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ – ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ՝ ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ
Այսու Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը կը յայտարարենք ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ:
Կոչ կ՚ուղենք համայն հայութեան, որ բոլոր միջոցներով սատար հանդիսանայ ի նպաստ այս անմարդկային հրթիռաձգութեան անմիջական կասեցման, յանուն աղէտահար ժողովուրդին Ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման:
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ
ՆՈՐ ԳԻՒՂՆ ՈՒ ՀԱԷՊԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻ ԴԻՄԱՑ…
Յունիս ամսուան առաջին օրէն սկսեալ` Հալէպի ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մասնաւորապէս վիճակը ահաւորապէս վատացած է:
Ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ, որոնց կարեւոր բաժինը ուղղակի թուրք կամ թրքամէտ արմատական ահաբեկչական խումբեր են, ամէն տեսակի կործանարար հրթիռներ ու հրասանդներ տեղացին եւ կը շարունակեն տեղալ խաղաղ բնակչութեան վրայ:
Մեծամասնութեամբ հայութեամբ բնակուած Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ինկած հրթիռները մարդկային վնասներու կողքին նիւթական սարսափելի վնասներ պատճառեցին: Բնակուած կարգ մը շէնքեր ամբողջովին փուլ եկան, ուրիշներ մասամբ կործանեցան: Հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ ստիպողաբար լքեցին իրենց տուները, ոմանք քաղաքէն հեռացան եւ փորձեցին ապաստան գտնել ապահովական դիտանկիւնէ աւելի անվտանգ համարուող ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքը, ոմանք տեղափոխուեցան Հալէպի այլ շրջաններ բնակող իրենց հարազատներու բնակարանները, ոմանք այլ բնակարան տեղափոխուելու հնարաւորութիւն չունենալով ապաստան գտան Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Հսկայական վնասներ կրեցին Նոր Գիւղի մէջ կեդրոնացած հայկական կառոյցներու մեծ մասը` Ազգային երեք Վարժարան (Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան, Ազգային Զաւարեան Վարժարան, Ազգային Սահակեան Վարժարան), երեք մանկապարտէզ (Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզ, Ազգային Սահակեան Մանկապարտէզ, Ազգային Զաւարեան Մանկապարտէզ), Կաթողիկէ համայնքին պատկանող մէկ դպրոց (Զուարթնոց Վարժարան), Հայ Առաքելական Եկեղեցի (Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ), Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի (Ս.Երրորդութիւն), «Արեւելք» տպարանը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, Ազգային պատսպարանը, Երիտասարդական Գրախանութը, ազգապատկան Կիլիկիա, Օշական, Նայիրի, Արցախ եւ Սիս բնակարանային շէնքերը եւ խանութները:
Բոլորովին քանդուեցան, կիսաքանդուեցան, հրկիզուեցան կամ տարբեր աստիճաններու վնասներ կրեցին շրջանին մէջ գտնուող հայերու գործատեղիներն ու վաճառատուները:
Այսօրուան դրութեամբ մեծաթիւ բնակարաններ բոլորովին անբնակելի դարձած են: Իսկ հարիւրաւոր բնակարաններ նորոգութեան կարիքն ունին:
Երեք օրերու ընթացքին ինկած հարիւրաւոր հրասանդներու եւ կազի տակառներէ պատրաստուած հրթիռներու պատճառով, զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան, որոնց մէկ մասը տակաւին հիւանդանոցի մէջ բուժում կը ստանայ:
Երբեմնի հայահոծ Նոր Գիւղը այսօր աղէտալի շրջան է` ամայացած ու աւերակ:
Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ բոլոր պատկերացումները եւ հաւանական բոլոր ենթադրութիւնները շրջանցեց, վիճակը այլեւ տանելի չէ: Այս բոլորին մէջ ամէնէն ահաւորը այն է, որ հալէպահայութիւնը առանձին կը զգայ ինքզինք այս վտանգին ընդառաջ: Հալէպահայութեան կրած փորձանքները արձագանգ անգամ չունեցան: Անհասկնալի եւ անընդունելի ձեւով լուռ են թէ՛ պաշտօնական, թէ՛ հասարակական կողմերը:
Նոր Գիւղն ու հալէպահայութիւնը կործանման վտանգի դիմաց է…
Այս լրատուութիւնը ընդունեցէ՛ք ինչպէս հարկաւոր է` որպէս կո՞չ, ազդագի՞ր, լրատուագի՞ր, թէ այլ:
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ
4 Յունիս 2014