ՀՅԴ Արցախի կառոյցը նշեց անկախութեան տօնը – երդման արարողութիւն

\n

 

\n

\n

Յունիս 1-ին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ տեղի  ունեցաւ ՀՅԴ համաարցախեան ընկերական հաւաք: Հարիւրաւոր կուսակցականներ հաւաքուած էին տօնելու 96 տարի առաջ կերտուած Առաջին հանրապետության տօնը:

\n

Տող գիւղը պատահական չէր ընտրուած. գիւղը արցախեան հերոս գիւղերէն է, որուն համար կռուած եւ նահատակուած են բազում հայրորդիներ, եւ հոն կը գտնպուին արցախեան գոյամարտի հերոսներ՝ դաշնակցական Արմենչոյի եւ  Վիգէնի շիրիմները:

\n

 Հերոսներու շիրիմներուն ծաղկեպսակներ զետեղելէ ետք, մասնակիցները ուղուեցան դէպի Տողի Մելիք Եգանեաններու նստավայր-բերդը: Բերդի բակին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Խումբ մը արցախցի երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ շարքերը:

\n

Օրուան խորհրդը փոխանցեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԼՂՀ փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ԿԿ-ի անդամ Արթուր Աղաբեկեանը:

\n

 Ելոյթներուն յաջորդեց տօնական խրախճանքը։

\n

 

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.