Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան 35-ամեակի տօնակատարութիւն

\n

Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Երկրորդական Վարժարանի 35-ամեակի Տօնակատարութիւն

\n

\n

\n

Սփիւռքի դժուար պայմաններու մէջ, հայկական վարժարանի մը 35-ամեակը տօնելը ամենէ հաճելի երեւոյթներէն է գաղութէ մը ներս, մանաւանդ վարժարանի մը՝ որ նորանոր յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ եւ նուաճումներ կը կատարէ:

\n

Հ.Օ.Մ.-ի Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի Յ5-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 1Օին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան: Սրահը լեցուն էր հրաւիրեալներով, նուիրատուներով, ծնողներով, նախկին եւ ներկայ աշակերտներով եւ ուսուցիչներով:

\n

Յայտագիրը սկսաւ շատ տպաւորիչ կերպով: Անցեալի շրջանաւարտներ մուտք գործեցին իւրաքանչիւր դասարանի ներկայ աշակերտի հետ միասին, ներկայացնելով վարժարանի 35 տարիներու հունձքը, որուն յաջորդեցին Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները կատարողութեամբ՝ վարժարանի նուագախումբին եւ երգչախումբին: 

\n

Բացման խօսքը կատարեցին հանդիսավարներ՝ Թալին Սարգիսեան Մուշեան եւ Վարագ Պապեան որոնք այնքան հմտութեամբ վարեցին իրենց վստահուած պաշտօնը: 

\n

Կրթական մարմնի ատենապետուհի Տիկ. Անի Հոթոյեան- Ժոլի ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ, որ մեր գաղութին եւ անոր ղեկավարներուն նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան շնորհիւ այսօր մենք կը տօնենք Հ.Օ.Մ.-ի վարժարանի հիմնադրութեան Յ5-ամեակը: Ան նաեւ անդրադարձաւ նախկին շրջանաւարտներուն որոնք այսօր համալսարանական վկայականներու տէր են եւ ունին բարձր պաշտօններ իսկ անոնցմէ ոմանք դարձած են ղեկավարներ մեր գաղութին մէջ: Յիշեցուց նաեւ որ մեր ժողովուրդը միշտ սիրած է դպրոցն ու եկեղեցին եւ ջանք չէ խնայած անոր յաջողութեան որպէսզի հայ նոր սերունդը հայերէն սորվելով մեծնայ:

\n

Վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան շնորհաւորեց վարժարանի Յ5-ամեակը եւ վստահեցուց թէ այս վարժարանի դռները բացուելէն ի վեր 35 տարիներ շարունակ մեր վարժարանը միշտ բարձր պահած է հայեցի դաստիարակութիւնը, հայերէն լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը: Նաեւ ըսաւ թէ մեր վարժարանը դարձած է ոչ միայն Թորոնթոյի այլ սփիւռքի լաւագոյն վարժարաններէն մէկը. ապացոյցը՝ մեր շրջանաւարտներն են: Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ՝ թէ 35 տարիներ առաջ այս համայնքին մեծ հայրերը եւ մայրերը հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման հաւատքով եւ տեսլականէն առաջնորդուելով հիմնեցին այս վարժարանը. զոհողութեամբ պահեցին եւ շէնցուցին. հիմա հերթը ձերն է…

\n

Այս առիթով,վարժարանի նախկին տնօրէն՝ Պրն. Մարգար Շարապխանեան շնորհաւորագիր մը ուղարկած էր Հայաստանէն, ուր կը փոխանձէր իր բարեմաղթութիւնները:

\n

Վարժարանի նուագախումբը, ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Սուրէն Ամիրխանեանի սքանչելի կերպով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի Գայեանէ Պալէ-էն երկու հատուածներ:Ապա վարժարանի շրջանաւարտներէն խօսք առաւ Հուրի Շիթիլեան որ այժմ փաստաբանուհի է եւ ըսաւ.- « Այսօր մենք ոչ միայն կը տօնակատարենք Յ5-ամեակը այս վարժարանին այլ նաեւ կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ղեկավարներուն եւ բոլոր անոնց որոնք օժանդակեցին այս վարժարանի վերելքին: Առանց անոնց անխոնջ աշխատանքին անկարելի պիտի ըլլար այս վարժարանի իրականութիւնը: Հոս է որ զարգացաւ իմ ուսումնական տենչս : հայերէն լեզուի կողքին, անգլերէն լեզուիս ամուր հիմը դրուեցաւ այս վարժարանէն ներս, որուն համար այնքան երախտապարտ եմ»:

\n

Սրտի խօսքը փոխանձեց, նախկին շրջանաւարտներէն՝ Հրակ Փայլեան որ դոկտորայի թեկնածու է եւ պիտի աւարտէ գալ տարի եւ ըսաւ.- « Այսօր միասնաբար կը տօնախմբենք այս վարժարանի յաջողութիւնները որովհետեւ իբրեւ Թորոնթոհայ գաղութ բոլորս ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պատճառ դարձած ենք այս դպրոցի յաջողութեան. հաւատացած այս վարժարանի առաքելութեան եւ քաջալերած՝ բարոյապէս, նիւթապէս կամ հոգեպէս: Մաղթանքս է, որ միասնաբար նաւարկենք մեր ապագան եւ հասնինք նորանոր հորիզոններու միշտ չմոռնալով մեր անցեալը»: Ան նաեւ մեծապէս գնահատեց հայ ուսուցիչները եւ անոնց տարած աշխատանքը:

\n

Վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երգի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Սօնա Յովսէփեանին, ներկայացուց «Ազգ Փառապանծ» երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Թալին Գըլըպօզեանին:

\n

Վարժարանի նախկին աշակերտներէն, Դոկտ. Նաթալի Ֆարրա խօսեցաւ վարժարանէն ներս իր ունեցած յիշատակներուն մասին թէ ինչպէս երբ 8րդ դասարանի աշակերտուհի էր, պատիւը ունեցած էր վարժարանը ներկայացնելու Ականաւոր Գանատացիի ( Outstanding Canadian) նուիրուած երեկոյին եւ որքան մեծ տպաւորութիւն ձգած էր իր վրայ: Անդրադարձաւ թէ հայկական մշակոյթը միշտ ներկայ եղած է մեր վարժարանէն ներս նոյնիսկ կէսօրուայ ճաշի ժամանակ երբ հայկական ճաշերով ճոխ սեղաններու վրայ աշկերտները կը ճաշակէին եւ կը զրուցէին իրար հետ … 

\n

Նաեւ խօսք առաւ վարժարան-ի նախկին շրջանաւարտներէն ճարտարագէտ Տարօն Քէսքինեան որ նաեւ MBA-ի վկայականին արժանացած է եւ ըսաւ.- « Իր առաքելութեան համապատասխան ՀՕՄ-ի վարժարանը մատուցեց հիմնական կրթութիւն, բարձրագոյն մակարդակի ուսում եւ ամենէ կարեւորը հայեցի դաստիարակութիւն»: Յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց ուսուցիչներուն եւ ըսաւ.-« Կը խոնարհինք ձեր կատարած անձնուիրութեան եւ զոհողութեան առջեւ: Մենք ապացոյցն ենք այս վարժարանի առաքելութեան մեր ձեռք ձգած յաջողութիւններով թէ համալսարանական եւ թէ կեանքի ասպարէզէն ներս»: Իսկ ծնողներէն խնդրեց որ հայերէն խօսին իրենց զաւակներուն հետ եւ գուրգուրանքով մօտենան հայերէն լեզուի դասանիւթերուն: Իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ Պայքար Հայ Դպրոցի Ճամբով, Յաղթանակ միշտ հայերէն լեզուով:

\n

Վարժարանի նախկին աշակերտներէն Արա Հասըրճեանի հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը հիմք ունենալով Յ. Թումանեանի « Ամենից Լաւ Տունը» բանաստեղծութիւնը:

\n

Երկարամեայ ծառայող 5 ուսուցիչներ գնահատագրեր ստացան.-Տիկ.Սօսէ Տէրտէրեան, Տիկ.Սիլվա Փայլեան, Տիկ. Ցոլինէ Խառնուլեան, Տիկ. Յասմիկ Պապեան, Տիկ. Յասմիկ Խրլաքեան նաեւ գնահատագիր ստացաւ վարժարանի քարտուղարուհի Տիկ. Այիդա Ֆրանգեան:

\n

վարժարանի երգչախումբը եւ նուագախումբը ներկայացուցին խմբերգ եւ նուագ «Հայաստան»ը:

\n

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան շնորհաւորեց վարժարանի 35-ամեակը :Ան ըսաւ.-« Այս հրաշալի եւ փառապանծ վարժարանի հիմնադրութիւնը աչքի լոյսի պէս յանձն առած էք, համայնքի զարկերակը եւ ազգային կեանքի մղիչ ուժը դարձուցած, որու համար երախտապարտ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնենք հիմնադիր ծառայողներուն, նուիրեալներուն, ուսուցիչներուն եւ մշակներուն:» Պահպանիչով փակեց օրուայ հանդիսութիւնը որմէ ետք տեղի ունեցաւ 35-ամեակի կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

\n

Սիւզի Մելիտոնեան 

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.