Հայերու Կոտորածները Խախտած Են Շրջանի Աշխարհագրութեան Հաւասարակշռութիւնը. Պայտեմիր


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, որ կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Ճըրզիի մէջ հանդիպում ունեցած է Տիգրանակերտցի հայերու հետ: Անոր ընկերակցած են քիւրտ գործիչներ: Նիւ Ճըրզիի մէջ սարքուած ընդունելութեան մասնակցած է նաեւ Տիգրանակերտի Ս.Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք: Ընդունելութեան հրաւիրուած են շուրջ 200 հայեր, որոնք երկար տարիներ առաջ գաղթած են Ամերիկա: Հաւաքոյթին նպատակներէն մէկն ալ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան հոլովոյթին համար նուիրատուութիւն հաւաքել էր:

Էրկիւն Այըք յիշեցուցած է, որ մինչեւ կարճ ժամանակ առաջ եկեղեցին աւերակ վիճակ ունէր եւ հիմա նորոգուած է, նորոգութեան մէջ իրենց բաժինը ունին նաեւ Տիգրանակերտի քաղաքապետութիւնն ու Օսման Պայտեմիր:

Պայտեմիր ըսած է. «Միջագետքի եւ Քիւրտիստանի աշխարհագրութիւնը հասարակաց հայրենիքն է հոն ապրող ամէն հաւատքի մարդոց: Ի՜նչ մեղք, որ մեր ժողովուրդներէն ոմանք, բարձր գին վճարելով, ստիպուեցան լքել հօրենական հողերը: Մեծ վէրքեր գոյացան: Ասոնց գլուխը կու գայ բարեկամ եւ եղբայր հայ ժողովուրդը: Հայերը մեծ սպանդներու ենթարկուեցան, սակայն բուն կորսնցնողները ետին մնացողները եղան: Անկէ վերջ ալ պատահեցան շէյխ Այիտի եւ Տերսիմի սպանդները: Ի՜նչ մեղք, որ այդ օրերէն մինչեւ այսօր այս աշխարհագրութիւնը տակաւին չէ գտած վերջնական խաղաղութիւն: Այս բոլորը խախտեցին մեր աշխարհագրութեան օրկանական դրութիւնը: Մեր մարդիկը դիմադրեցին, եւ այսօր դարձեալ ծնունդ առած է Միջագետքի եւ Անատոլուի մէջ անդորր կեանք մը ապրելու յոյսը»:

Պայտեմիր հաւաքոյթին ընթացքին պատասխանած է քիւրտերու եւ շրջանային ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցումներու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.