«ԶԱՄԱՆ»Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ Էրտողանի Յայտարարութիւնը Սփիւռքահայերու Ճնշումին Արդիւնքն Էր

\n \n

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կատարուած յայտարարութեանց՝ նշելով.
\n «Ապրիլ 24ի նախօրէին Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը գրաւեց միջազգային եւ տեղական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Ոմանք զայն նկատեցին պատամական քայլ դէպի առաջ, իսկ ուրիշներ՝ վիրաւորական քայլ՝ Թուրքիոյ պատմութեան նկատմամբ:
\n Յայտարարութիւնը հաղորդագրութիւն մըն էր, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ այն բոլորին, որոնք Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մեծապէս տառապած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն: Յատկանշական է, որ այս յայտարարութիւնը, որ չբաւարարեց հայերը, կատարուած է այդ ոճրագործութենէն 99 տարի ետք:
\n Թուրքիոյ պատմութեան կաճառը կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, իսկ հասարակութիւնը պէտք է կոչ ընէ, որ Էրտողան յաջորդ տարի եւս յայտարարութիւն մը կատարէ, եւ պէտք է պահանջէ թուրք դիւանագէտներէն՝ ճշմարտութիւնը ըսել 1915ի իրադարձութիւններուն մասին:
\n Ամենակարեւորն այն է, որ նման յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ այն երկիրի վարչապետը, ուր հայերը կը համարուին թշնամիներ եւ շարունակ կը վիրաւորուին: Այդ երկրին մէջ է, ուր կը սպաննեն Հրանդ Տինքը, Սեւակ Պալըքճին, կամ տարեց հայ կիներ յարձակումներու կ՛ենթարկուին մինչեւ այսօր:
\n Վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան ցանկութիւնն ու յաջողութիւները հայերու ցաւը կիսելն էր: Այնուամենայնիւ, պէտք է նշել, որ նման յայտարարութեամբ վարչապետին հանդէս գալու դրդապատճառը եղած է արտաքին ճնշումները:
\n Ակնյայտ է, որ այս յայտարարութիւնը Սփիւռքի հայկական գործիչներու լոպիական աշխատանքին արդիւնքն էր»:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.