Արժանթինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան պիտի կառուցուի


Պուէնոս Այրէսի նահանգապետարանը Արժանթինի հայ գաղութին հողատարածք նուիրած է, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու  համար: Այս մասին յայտարարած է Պուէնոս Այրէսի Մարդկային իրաւանց և մշակութային բազմազանութեան քարտուղարի  տեղակալ Գլոտիօ Ավրուժը:

Թրքական «Mynet» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ նուիրատուութեան համար կազմակերպուած հանդիսութեան ժամանակ Ավրուժը յիշեցուցած է, որ  Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանցած են թէ՛ Արժանթինի խորհրդարանը եւ թէ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետական խորհուրդը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան մը պիտի հիմնուի նաեւ Ուրուկուէյի մէջ: Հաւանական է, որ երկու երկիրներուն մէջ թանգարաններու բացումը կատարուի նոյն օրը՝ 2015-ի Ապրիլ 24-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.