«Հորիզոն» շաբաթաթերթը հարցազրոյց ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնի հետ
Հոկտեմբեր 27ին, Գանատայի արտգործ նախարարութեան գերատեսչութեան հետ ճշդուած պայմանաւորուածութեամբ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայն հեռախօսակապով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աշխատակից Արամ Շուժունեանի հետ։
Զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով «Հորիզոն»ի այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Արցախեան պատերազմի ընթացքին խոցուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն գանատական տեսախցիկներու առկայութեան փաստը հաստատագրելու համար գանատական դիւանագիտական պատուիրակութիւն Հայաստան գործուղելու ծրագիր կը մշակուի, նախարարը պատասխանեց թէ Հոկտեմբեր 5-էն ի վեր վերոնշեալ սարքերու վաճառքը թրքական կողմին կասեցուած է եւ ամբողջական հետաքննութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն ունի նախարարութիւնը. Աւելի՛ն, սարքերու վաճառքը կասեցնելու որոշումը վերատեսութեան ենթակայ չէ։
Պատասխանելով Պաքուի կողմէ հրադադարը չյարգելու հարցին, նախարար Շամփայն յայտնեց, որ Գանատայի կառավարութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ հետ համատեղ իր յայտարարութիւններով առաջիններէն հանդիսացաւ որ կողմերուն յորդորեց վերադառնալու բանակցութեանց սեղան եւ թէ ինք առաջին իսկ օրէն ճնշում ի գործ կը դնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մօտ, որպէսզի վճռական քայլերու դիմելով վերջ տրուի հակամարտութեան ու անմեղ քաղաքացիներու տառապանքին, եւ ամէնէն կարեւորը՝ ճիգ չխնայուի վերահաստատելու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ։
Այն հարցին, թէ ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Օթթաուան ՆԱԹՕ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու գծով, նախարար Շամփայն պատասխանեց, թէ Գանատայի ձայնը միշտ լսելի է քաղաքական աշխարհին մէջ եւ միջազգային ընտանիքը գիտէ, որ Գանատան միշտ սկզբունքային կեցուածք ունի մարդկային իրաւանց հարցերը պաշտպանելու գծով։ Ան հաստատեց նաեւ, որ Գանատան կը շարունակէ ճնշում բանեցնել միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի զօրակցի Հայաստանի ժողովուրդին, որ կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն մեծ ողբերգութիւններէն մէկը։
Անդրադառնալով Արցախի համար Գանատայի տրամադրած 350 հազար տոլարի մարդասիրական օժանդակութեան, գանատացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ մարդասիրական այդ որոշումին ետին կը կը կանգնէր Գանատայի հայ համայնքի ցանկութիւնն ու ակնկալութիւնը։ Նախարարը եզրափակիչ խօսքով յայտնեց, թէ Գանատա մտահոգ կը մնայ մարդկային տառապանքի կացութեամբ եւ աչալուրջ կը հետեւի, թէ ինչ ձեւերով կրնայ աջակցիլ հայ ժողովուրդին։