Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Նշագրումներ՝ Հայ Ռազմածովայիններու Մասին
\n
\n ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ ծովուժի հրա-մանատարութեան ենթակայութեան տակ գործող Կէօլճուքի ռազմական խարիսխի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ գաղտնօրէն նշագրած են բազմաթիւ սպաներու եւ ենթասպաներու կրօնական տարբերութիւնները, անոնց մասնակցած միջոցառումներն ու նոյնիսկ կարդացած թերթերը. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը՝ աւելցնելով, թէ բացայայտուած էջերուն վրայ նշուած են զինուրին անուն-մականունը, հայ կամ ալաուի ըլլալը ու ո՛ր միութեան անդամակցիլը:
\n Գլխաւոր դատախազութիւնը արդէն սկսած է հետապնդելու այս գայթակղութիւնը:
\n Փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ, օրինակ, նշուած է, թէ զինուոր մը հայ է, ու խորհուրդ կը տրուի՝ «աճեցնել եւ օգտագործել»: Փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ տեղեկութիւններ կան այլազգի եւ այլադաւան զինծառայողներու ընտանիքներուն մասին: Կը նշուին նոյնիսկ անոնց հեռաւոր ազգակցական կապերը:
\n \n