Հարցազրոյց Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու Գայուշ Ջալըքմանի հետ


 

 

30 Մարտի շրջանային ընտրութիւնները իր ոչ իսլամ, ոչ թուրք թեկնածուներու առատութիւնով կ՚առանձնանայ Հանրապետութեան շրջանի բոլոր նախորդ ընտրութիւններէն։ Արդարեւ բազմաթիւ կուսակցութիւններ իրենց ցանկերուն մէջ տեղ տուած են Հայ, Յոյն, Հրեայ, եւ Ասորի թեկնածուներու։ Քաղաքական գաղափարական սկզբունքներու բերմամբ ամենամեծ թիւով ոչ իսլամ թեկնածու ներկայացնող կուսակցութիւնը HDP (Halklar?n Demokratik Partisi) է։ Ան Իսթանպուլ Պաքըրգիւղի մէջ Նուարդ Պաքըրճըօղլուն, Կղզիներու մէջ Գայուշ Չալըքման Կավրիլոֆը, Շիշլիի մէջ Քէնան Ենիճէն եւ Անտիոքի Սամանտաղ գիւղաքաղաքն ալ Լորա Պայթար Չափարը կ՚առաջարկէ քաղաքապետութեան պաշտօնի համար։ Նմանապէս Պաքըրգիւղի մէջ Սեթա Կիւրճեան եւ ասորի ծագումով Պարպարա Քափլան Շիշլիի մէջ Բագրատ Էսդուգեան, հրեայ ծագումով Էլի Հալիկուա եւ յոյն Լարա Ֆրէսքօ, Գատըգիւղէն Մուրատ Մըխճը, Կղզիներէն ալ Էքաթէրինի Նիքոլաօ եւ Ժէրի Սուա Աքյէլ ՀՏՓ-ի ցանկերէն ընտրութիւններուն կը մասնակցին որպէս քաղաքապետական ժողովի անդամութեան թեկնածու։

Ընտրութիւններու նախօրեակին, «Հորիզոն» հեռակայ հարցազրոյց մը ունեցաւ ընտրութիւններուն թեկնածու Գայուշ Ջալըքմանի հետ։

 

Հարց.- Յարգելի Գայուշ Ջալըքման, խնդրեմ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցէք ձեր կենսագրական տուեալները։ Ո՞վ են Գայուշի նախահայրերը։  

Պատասխան.- Ծնած եմ  Իսթանպուլ։ Նախնական  եւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ հայկական վարժարաններու մէջ։ Յաճախած եմ համալսարանի գեղարուեստական բաժանմունքի խեցեգործութեան  բաժինը։ Ամուսանցած եմ եւ երեք զաւկի մայր եմ: Շատ մը  Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ աշխատած ըլլալով հանդերձ, իբր քաղաքական գործիչ՝  երկար անցեալ մը չունիմ: 2009-ին ընտրուեցայ «Հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» (EDP) կուսակցութեան Շիշլիի թաղամասի նախագահ։ Այդ օրէն ի վեր զանազան պաշտօններ վարած եմ՝ որպէս քաղաքական գործիչ։

Ծնողներս ուսուցիչներ եղած են, հայրս թէեւ ճարտարապետ էր, բայց երկար տարիներ Կեդրոնական վարժարանի մէջ վարած է գծագրութեան ուսուցիչի պաշտօնը, եւ յետոյ, շուրջ 6 տարի, տնօրինած է այս վարժարանը:

 

– Ինչո՞ւ ընտրեցիք HDP -ն (Peoples’ Democratic Party)  որպէս ձեր կուսակցութիւնը։

– Ես այս կուսակցութեան անդամ եմ, որովհետեւ սկզբունքներս, գաղափարներս կը համընկնին այդ կուսակցութեան ծրագրին:

 

– Թեկնածու էք Իշխանաց կղզիի քաղաքապետութեան պաշտօնին։ Կրնա՞ք մանրամասնութիւններ փոխանցել ձեր ընտրամասին եւ անոր բնակչութեան մասին։

– 9 կղզիներէ բաղկացած մեր թաղամասը ձմրան 12000-ի շուրջ բնակչութիւն ունի, իսկ ամառը՝ այս թիւը գրեթէ տասնապատիկը կ՚ըլլայ: Այս կղզիներէն Գընալը կղզիին առաջին բնակիչները հայեր եղած են։ Այնտեղ եկեղեցի, գերեզմանատուն եւ փոքր տղոց համար ամառնային ճամբար մը ունինք։ Մեծ կղզիին վրայ ալ հայ կաթողիկէ եկեղեցի մը ունինք: Կղզիները իրենց բազմազգի բնոյթով մինչեւ օրս կորսուած հին Պոլսոյ մշակութային վերջին նշոյլը կը կրեն։ Այս առումով մեծ նշանակութիւն ունի այն հարցը թէ որո՞ւ ձեռքին մէջ պիտի ձեւաւորուի կղզիի ապագան:

 

– Ձեր ընտրամասին մէջ այլ կուսակցութիւններ թեկնածուներ ունի՞ն։ Եթէ նախնական վիճակագրական տուեալներ կան, ո՞ր կուսակցութիւնն է յառաջատարը։

– Այո՛, կղզիներուն մէջ գլխաւոր կուսակցութիւնները կը մրցին…

Այսինքն չորս կուսակցութիւն կը մրցին, այս մասին բան մը ըսել կարելի չէ, որովհետեւ վստահելի տուեալներ չկան ընդհանրապէս…

 

– Պոլսահայ մամուլը կ՚աջակցի ձեզի՞։

– Այո մեր թերթերը իրենց կարողութեան չափով աջակցութիւն կը ցուցաբերեն։ Պէտք է աւելցնեմ, որ  12 կիներով   ցանկ կազմելը եւ այսպէս ընտրութիւններու մասնակցիլը եզակի օրինակ մըն էր ընդհանրապէս։ Ասիկա մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց  երկրի մամուլին մէջ: շնորհակալ եմ…

 Շնորհակալութիւն Գայուշ, Յաջողութիւն…։

«Հորիզոն»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.