ՔԵՍԱՊՑԻՔ Կ՛ԱՊԱՍՏԱՆԻՆ ԼԱԹԱՔԻՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԱԾՔԸ


 

Այսօր, ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ի առաւօտ, կանուխ ժամերուն Քէսապ եւ շրջակայ գիւղերը յարձակումի ենթարկուելուն պատճառով շրջանի բնակիչները հեռացան աւելի ապահով վայրեր:
Մեծամսնութիւնը, որ հայեր են ապաստան գտան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող Ազգ. կառոյցներու մէջ: Տեղւոյն Շտապի մարմնը անմիջապէս պէտք եղած կարգադրութիւնները ընելով յատկապէս Կարմիր մահիկ կազմակերպութեան հետ բաժնեց սննդակողովներ եւ այս վայրկեաններուն անկողին սպունգներ: Արդէն անմիջական այլ աշխատաքներ ալ կը տարուին կենսական նիւթեր ապահովելու, քանի որ ապաստանեալները այսօր պիտի գիշերէն եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

PERIO NEWS


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.