Հալէպի մէջ վիրաւորուած է հայ աշակերտ մը – Հալէպի հայկական թաղամասերը ռմբակոծուած են


 

Հալէպի հայաշատ թաղամասերը Մարտ 20-ին հրասանդներու թիրախ դարձած են: Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ  ինկած հրթիռներին պատճառով հայ պատանի մը վիրաւորուած է:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են Հալէպի հայկական աղբիւրները՝ աւելցնելով, որ վիրաւորը 9-րդ դասարանի աշակերտ Խաչիկ Գաբրիէլեանն է: Պատանիին վիճակը կայուն է:

Ֆեյսպուքեան «Բերիոյ Լուրեր» էջը կը յայտնէ, որ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ հրթիռ մը ինկած է Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի բակին մէջ, երկու հրթիւռ՝ ազգային Սահակեան վարժարանին վրայ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմացի պարտէզը ինկած հրթիւռ մը չէ պայթած: Հրասանդ մը ինկած է Սուլէյմանիէ թաղամասի գլխաւոր փողոցի՝ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի մերձակայ թաղամասին մէջ: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.