Հոլանտացի Յայտնի Գործիչներ Կոչ Կ՛ուղղեն Աշխարհին` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ կը նախապատրաստէ շարք մը խորհրդանշական ձեռնարկներ:
ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Մասիս Աբրահամեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իրենք իրենց կողմէ իրականացուելիք աշխատանքները համապատասխանեցուցած են Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի միւս յանձնախումբերուն հետ: «Փոխանակած ենք առաջարկներ եւ կան շարք մը գործողութիւններ, որոնք միասին պէտք է ընենք», ըսաւ Մասիս Աբրահամեան:
Ըստ Աբրահամեանի, Հոլանտայի մէջ իրենք կը պատրաստուին հրապարակելու տեսահոլովակ մը, ուր յայտնի հոլանտացիները կոչ կ՛ուղղեն աշխարհին, որ իրենց ջանքերը ներդնեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: «Հոլանտան սկզբունքօրէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միւս մեր նախաձեռնութիւնը այն է, որ 100-րդ տարելիցի 24 ապրիլի ցոյցին ինչքան կարելի է շատ մարդ մասնակցի, շատ քաղաքական ու հասարակական գործիչներ ներկայ ըլլան», ըսաւ Մասիս Աբրահամեան` տեղեկացնելով, որ իրենք ներկայիս կը բանակցին Հոլանտայի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն հետ, որ 24 ապրիլին որեւէ խորհրդանշական ժամու բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը հնչեն ամբողջ երկրին մէջ:
Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարը նաեւ աւելցուց, որ որքան ալ 100-ամեայ տարելիցը իբրեւ տարեթիւ նշելը լաւ գործ եւ լաւ առիթ է աշխարհին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու համար, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ միւս տարիներուն պէտք չէ լաւ պատրաստուիլ: «Ինչքան շատ աշխատանք տանինք, այնքան լաւ: 100-րդ տարելիցը լայնածաւալ ձեռնարկներով նշելը չի նշանակեր, որ 101-րդ, 102-րդ տարելիցները նուազ կարեւոր տարեթիւեր են մեզի համար: Մենք պէտք է մեծ ջանքեր գործադրենք, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակներուն», ընդգծեց Մասիս Աբրահամեան:
Աբրահամեան նաեւ նշեց, որ հոլանտացի յայտնի գործիչներ կոչ ուղղած են աշխարհին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: