Երուսաղէմի Մէջ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հանդիպումին Պիտի Մասնակցի Նաեւ Հայոց Պատրիարքը


 

 

Եռագոյն.- Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Մայիս 24-26 ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Երուսաղէմ: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր առաջնորդներու հետ հանդիպում, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արեքպիսկոպոս Մանուկեան: Երուսաղէմի պատրիարքի տեղապահ սրբազան Արիս արեքսպիսկոպոս Շիրվանեան «Արմենփրես»-ին նշած է, որ հանդիպումի թեման դեռ յայտնի չէ: Սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի քննարկուին ընդհանուր հոգեւոր խնդիրներ, հարցեր եւ նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները:

Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեան յիշեցուցած է, որ 50 տարի առաջ, երբ Պօղոս 6-րդ պապը յատուկ այցելութիւն կատարած է Իսրայէլ, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:

«Պողոս 6-րդին յաջորդած երկու պապերը Երուսաղէմ կատարած այցելութեան ժամանակ բաւարարուած են հոգեւոր հովիւներու հետ ընդհանուր հանդիպումով` այցելութեան խիստ սահմանափակ ժամանակին պատճառով»,- ըսած է Շիրվանեան` աւելցնելով, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ինչպէս Երուսաղէմի, այնպէս ալ Հռոմի եւ ողջ աշխարհի մէջ շատ բարձր կը դասեն եւ միշտ կ’արժանացնեն բարձրագոյն յարգանքի:

Ֆրանչիսկոս առաջինի այց-ուխտագնացութիւնը նուիրուած է յիշատակելու 50 տարի առաջ` 1964-ին Պօղոս 6-րդ պապի Երուսաղէմ այցելութիւնն ու Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդի հետ ողջագուրումը: Կը նախատեսուի, որ Հռոմի պապը այցելէ նաեւ Բեթղէհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճար: Վատիկանի պաշտօնական կայքի ներկայացմամբ` թէպէտ Պապը մեծ ցանկութիւն ունի առանձին հանդիպումներ եւ այցելութիւններ ունենալու հոգեւոր հովիւներու հետ, սակայն այցելութեան կարճ ժամկէտի պատճառով, ատոնք օրակարգէն հանուած են:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.