Կայացաւ Արցախի Գոյամարտին Մասին Պատմող «Հողի Ուժը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը -Video


 

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին մէջ 11 Մարտին ցուցադրուեցաւ «Հողի Ուժը» ժապաւէնը, որ երիտասարդ բեմադրիչ Աննա Թովմասեանի՝ Արցախեան ազատամարտին մասին պատմող երկրորդ ժապաւէնն է: Անիկա նկարահանուած է Զօրի Բալայեանի՝ պատերազմի տարիներուն գրած «Դժոխքի Եւ Դրախտի Միջեւ» ակնարկի հիման վրայ:
Երկրորդ ժապաւէնը առաջինին շարունակութիւնն է, որ կը պատմէ ռուս տղոց մասին, որոնք անշահախնդրօրէն կռուեցան եւ ինկան Արցախի մէջ:

«Առաջին ֆիլմի ցուցադրութիւնից յետոյ մենք նամակներ ստացանք զոհուածների հարազատներից, որոնք նոր մանրամասներ էին հաղորդում, եւ յղացաւ երկրորդ ֆիլմի գաղափարը», յայտնած է հեղինակը:

Ցուցադրութեան ընթացքին մեծապէս յուզուած էր նաեւ ժապաւէնի հերոս, զոհուած ազատամարտիկ Մեասնիկ Գասպարեանի՝ Միրոյի մայրը: Ան կը յիշէր որդիին հետ ունեցած վերջին հանդիպումը, որ եղած է 1992ին, երբ ան՝ փորձելով համոզել մայրը, պատմած է, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները գազանաբար կը կոտորեն մեր ազգը:

Ֆիլմը ռուսերէնով է, երիտասարդ բեմադրիչը կ՛ուզէ զայն ցուցադրել նաեւ արտերկրի մէջ:

Ֆիլմի մասին դիտել Արցախի պետական հեռատեսիլի պատրաստած այս տեսանիւթը

http://www.youtube.com/watch?v=8BDVkXJXyTw 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.