ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ԱԲՂ. ԹԱՇՃԵԱՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԼԱՒԱԼ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի խնդրանքին, տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանը որոշ ժամանակով ստանձնէ  Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովութիւնը, նկատի ունենալով, որ տեղւոյն երկարամեայ եւ վաստակաւոր Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժանապատիւ Տ. Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանը մօտ ատենէն հանգստեան պիտի կոչուի:

 Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ծնած է Լիբանան եւ մկրտուած է Մայք աւազանի անունով:

 Ան իր նախնական ուսումը առած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանէն, ապա յաճախած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Աւարտելէ ետք Ճեմարանի Միջնակարգը՝ Հոգեւոր ծառայութեան կոչումին անսալով անցած է Լիբանան եւ աշակերտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Աւարտած է Դպրեվանքի Ընծայարանի Հնգամեայ ընթացքը:

 2010 թուին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Սրբ. Արք. Մարտիրոսեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ օծուելով ստացած է Տէր Վարդան Աբեղայութեան անունը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.