ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԱՒԱՆ՝ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ
1310
0
Gazeta.am կը գրէ, որ ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Ռուսիա բնակող հայերուն անակնկալ մը կը սպասէ։ Մոսկուայէն ոչ հեռու գտնուող շրջաններէն մէկուն մէջ, մասնաւորաբար՝ Սերկիեւ Փոսատ շրջանին մէջ, հայկական աւան պիտի կառուցուի ռուսաստանաբնակ հայերու համար։
Աւանին մէջ պիտի գործեն մշակութային կեդրոններ, մանկապարտէզներ, հայկական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ հայկական եկեղեցի։ Ծրագիրի նախաձեռնողն է Անդրանիկ Նիկողոսեանը։
Ըստ Gazeta.am-ի մօտիկ աղբիւրներու տուեալներուն, աւանը պիտի կոչուի «Արարատ», իսկ շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին արդէն այս տարուան ամրան։ Աւանը նախատեսուած պիտի ըլլայ աւելի քան 50 հազար հայ բնակիչներու համար։