300 Վանաձորցի երեխաներ պիտի մասնակցին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ճամբար 2017»ին
2631
0
Վանաձոր – 7-րդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ Այս տարի ճամբարին պիտի մասնակցին 9-15 տարեկան 300-է աւելի վանաձորցի երեխաներ, որոնք պիտի հետեւին ԳԵՄ-ի 13 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք… Ճամբարը սկիզբ պիտի առնէ Յուլիս 10-ին։
Այս տարուան ծրագիրը դարձեալ կ՚ընդգրկէ «Առաջնորդներու պատրաստութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ պատանիները ծանօթացնել ղեկավարման ձեւերուն։
Ճամբարի ամենօրեայ աշխատանքներուն կը հսկեն Գանատայէն, Լոս Անճելոսէն եւ Երուսաղէմէն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան 17 անդամներ։