Իսլամ ծայրայեղականներ Ռաքքայի հայկական եկեղեցին գրասենեակի վերածած են
«Քուտս Արապի» օրաթերթը կը գրէ, որ սուրիացի գործիչ Սուատ Նաուֆալ չէր պատկերացնէր, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) կողմէ Ռաքքայի մէջ եկեղեցիներու դէմ յարձակումներուն ընդդիմանալուն գինը մահափորձ եւ Ռաքքայէն վտարում պիտի ըլլար։
Սուատ Նաուֆալ Սուրիայէն Թուրքիա անցնելէ ետք, յայտնած է, որ վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի Ռաքքա քաղաքի մեծամասնութեան վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէն, եւ ծայրայեղական վարմունքներուն, ինչպէս եկեղեցիներու դէմ ոտնձգութիւնները քննադատող գործիչներն ու լրագրողները առեւանգելէն ետք, ստիպուած եղած է հեռանալ քաղաքէն։ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Ս.Աւետիս եկեղեցիին վրայէն խաչը վար առնուելէն ետք, Նաուֆալ ղեկավարած է խումբ մը գործիչներ, որոնք խաչը շալկած ցոյց կատարած են պահանջելով զայն եկեղեցւոյ վրայ վերադարձնել։
Սուատ կը յայտնէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դիմակաւոր անդամներ ցուցարարները նկարած են, որպէսզի զանոնք հետապնդեն եւ քանի մը օր ետք հայկական Ս. Նահատակաց եկեղեցի (կաթողիկէ) ներխուժած են, պատին վրայէն փոքր խաչ մը վար առած, եկեղեցւոյ մէկ մասը հրկիզած են, անոր մէջ գտնուող արձանները քանդած եւ եկեղեցին վերածած քարոզչութեան գրասենեակի։
«Քուտս Արապի» կը նշէ, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցին կը պատկանի Ռաքքայի հայ քրիստոնեաներուն, որոնց մեծամասնութիւնը քաղաքէն հեռացած է։
Ռաքքան կը գտնուի վերահսկողութեանը տակ սալաֆական ժիհատական գաղափարախօսութեան տէր երեք խմբաւորումներու, որոնց գործելաձեւը իրարմէ տարբեր է։ Ռաքքայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը Ժապհաթ Նուսրան եւ Ահրար Շամը կը նկատեն աւելի չափաւորական խմբաւորումներ, որոնք քաղաքին կացութիւնը աւելի լաւ կը հասկնան քան ՏԱՀԵՇ-ը։
Ռաքքայի մէջ մնացած սակաւաթիւ մամլոյ գործիչներէն Օմար Քայսի (ծածկանուն) «Քուտս Արապի»-ի յայտնած է, որ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի գործելաձեւերուն միջեւ յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի։ Իբրեւ օրինակ ան կը նշէ, որ երբ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հայկական Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ տիրելու փորձը սկսած է՝ Ժապհաթ Նուսրան քանի մը անգամ արգելք հանդիսացած է այդ քայլին։
Օմար կը պատմէ, որ ինք եկեղեցւոյ մօտ էր եւ մէկը իրեն ըսած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող զինեալներ կը փորձեն հայոց եկեղեցի ներխուժել, ուստի ինք Ռաքքայի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի փոխ-ղեկավար Ապու Տաժանայի հեռաձայնած է եւ իրեն ըսած. « Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ճուլանի չհրապարակե՞ց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խոստացաւ եկեղեցիները պաշտպանել եւ խաչերը կտրելը արգիլել»։ Ապու Տաժանա պատասխանած է. «այո». Օմար զինք տեղեակ պահած է, որ եկեղեցի ներխուժել ուզողներ կան։ Ապու Տաժանա զինեալներով լեցուն երեք ինքնաշարժեր ուղարկած է եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները վտարած։ Ժապհաթ Նուսրայէն անդամ մը այդտեղ եկեղեցին պաշտպանելու համար հաւաքուած գործիչներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնած է, որ որեւէ մէկուն պիտի չարտօնէ եկեղեցւոյ մօտենալ, ինչ որ մեծ ուրախութիւն յառաջացուցած է, սակայն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քանի մը օր ետք վերադարձած են եւ եկեղեցին գրաւած։
Իր իշխանութիւնը բռնի ուժով պարտադրելու ՏԱՀԵՇ-ի փորձերէն ետք, վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու Ահրար Շամի միջեւ բախումներ ընթացք առած են։
ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ հակամարտութիւնը բացայայտ դարձաւ, երբ Ալ Քայիտայի ղեկավար Այման Ալ Զաուահիրի ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Պաղտատիի կոչ ուղղեց Իրաքով բաւարարուելու եւ Սուրիան թողելու Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ճուլանիի իշխանութեան տակ։
«Քուտս Արապի» կը նշէ, որ Ժապհաթ Նուսրան Ահրար Շամի, Սուքուր Շամի եւ Լիուա Թաուհիտի նման այլ իսլամական խմբաւորումներէ աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերող է, սակայն ՏԱՀԵՇ նոյնիսկ Քայիտայի ղեկավար Զաուահիրիի դէմ ըմբոստացած է եւ Ժապհաթ Նուսրան դասալիքներ նկատած։
Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական յեղափոխութեան գործիչներու մեծամասնութիւնը Հալէպէն եւ Ռաքքայէն Այնթապ ու Անտիոք հեռացած են, լրագրողներու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան դէմ առեւանգումի եւ ահաբեկման արշաւներէն ետք։
Նշենք, որ Բերիոյ Թեմին պատկանող Ս. Աստուածածին եկեղեցին նոյնպէս կը գործէ Ռաքքայի մէջ: Եկեղեցին կառուցուած է 1922ին եւ վերաշինուած՝ 1958ին: Ունի մէկ Ս. Սեղան, մկրտութեան աւազան եւ զանգակատուն:
1982ին, շրջափակէն ներս կառուցուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոց սրահը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 30 Յունուար 1980ին՝ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի կողմէ:
Եկեղեցւոյ կից կը գործեն Ազգ.Ազատութիւն վարժարանն ու Սրբոց Թարգմանչաց Կիրակնօրեայ Դպրոցը: