25 Յուլիս 1897. Խանասորի Արշաւանքը 122ամեակ. Հայուն ազգային ինքնավստահութեան վերականգնումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

25  Յուլիս  1897.

Յուլիս 25ը շատոնց նուաճած է իր բացառիկ տեղը հայ ժողովուրդի հերոսական խոյանքը մարմնաւորած անմոռանալի եւ յաւէտ պաշտելի թուականներու շարքին:

122 տարի առաջ, Յուլիսի այդ օրը, Դաշնակցութեան կազմակերպած ֆետայական մեծաթիւ արշաւախումբը պատմութիւն կերտեց հայոց հողին վրայ:

Նիկոլ Դուման

24էն 25 Յուլիսի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը յանդգնօրէն հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնց 40ը՝ ձիաւոր: Արշաւախումբը ճամբայ ելաւ Սալմաստէն, արագօրէն կտրեց Արաուլ լերան լանջը եւ, լեռնային ճանապարհով, ուղղուեցաւ դէպի Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը:

Խանասորայ դաշտը ամառնային բանակավայրն էր քրտական տխրահռչակ Մազրիկ ցեղախումբին, որ իր արիւնարբու աշիրաթապետ Շարաֆ պէյի ղեկավարութեամբ, տարի մը առաջ, ուղղակի կոտորածի ենթարկած էր Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները: Դաշնակցական Պետոյի, արմէնական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներ – մարտիկներ եւ անզէն տղաք – զոհ գացին Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան:

Շարաֆ պէյը արիւնարբու սուլթան Համիտի կազմած քրտական Համիտիէ ասպատակային զօրքի հրամանատարներէն էր, որ Վանէն քաղաքական որոշումով հեռացած ու Պարսկաստան ուղղուող հայ ֆետայիներու սպանդով՝ անարգօրէն իրականացնել կը փորձէր հայ ժողովուրդին յեղափոխական կորովն ու խոյանքը ընկճելու եւ զգետնելու սուլթանական ծրագիրը:

Բայց հայկական արիւնի այդպէս վատաբար ու անարգ հեղումը, քիւրտ հրոսակներու ձեռամբ, անպատասխան եւ անպատիժ չէր կրնար մնալ ու չմնաց:

Խանասորի արշաւանքի հրամանատարական կազմը

Եւ Խանասորի արշաւանքը եկաւ հայոց նորագոյն պատմութեան այդ հատո՛ւ պատասխանը խորհրդանշելու:

Եւ թրքական բռնատիրութեան ծառայակոչուած Մազրիկ ցեղախումբը ստացաւ իր արդար պատիժը:

Ինչպէս որ Խանասորի մասնակիցներէն եւ հայկական յեղափոխութեան լուսաւոր դէմքերէն Գալուստ Ալոյեան պիտի գրէր իր սրտաբուխ բանաստեղծութեան մէջ՝

Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը,

Ֆետայիներ Դաշնակցական, վրէժ առան հովտումը

Մի ժամուայ մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ,

Խանասորայ Կանաչ դաշտը կարմիր արեամբ ներկուեցաւ:

Հայեր յիշէք նուիրական այս օրը,

Յուլիս ամսոյ քսան հինգին կատարեցէք մեր տօնը:

Արժանաւորապէս «Խանասորի Արշաւանքին երգը» դարձաւ այդ վկայութիւնը, որ ահա 114 տարի է, որ հպարտութեամբ կը հնչէ հայոց սերունդներու շրթներէն՝ Յուլիս 25ի յաղթական Արշաւանքը վերածելով գաղափարական ներշնչման կենարար աղբիւրի:

Խանասորով՝ հայ ժողովուրդը շտկեց ստրկացման տակ կքած իր մէջքը: Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց միջեւ երկատուած ու գերեվարուած հայ ժողովուրդը, քաջարի իր յեղափոխականներուն ուժերու գերագոյն լարումով, պատմութեան թատերաբեմին վրայ իր արժանի տեղը ունենալու իրաւունքը նուաճեց:

Մէկ օրուան մէջ իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը: Քանի մը ժամէն քիւրտ յանցագործներու կարմիր արեամբ ներկուեցաւ Խանասորայ կանաչ դաշտը: Բայց Յունիս 1896ին գործուած Մազրիկ ցեղի ոճրագործութենէն ետք, Դաշնակցութիւնը շատ երկար մտածեց եւ նպատակայարմարութեան ու յաջողութեան իր բոլոր երեսներով եւ մանրամասնութիւններով քննեց ու կշռադատեց պատժական արշաւախումբի իր քայլը, գործնական որեւէ նախաձեռնութեան դիմելէ առաջ:

Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1896ի տարեվերջին եւ 1897ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ ՀՅԴ Ռայոնական

Նիկոլ Դումանի խումբը

(տարածքային-Խմբ.) Ժողովի գումարումը՝ եզրակացնելու եւ որոշելու համար, որ այո՛, պէ՛տք էր այդպէս՝ մեծաթիւ արշաւախումբով մը քրտական ցեղախումբը պատժել եւ, նախ, անհրաժեշտ դասը տալ բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին՝ անպատժելիութեան ապաւինելով: Միաժամանակ՝ Աւետիսեաններու, Մարտիկներու եւ Պետոներու նահատակութեան վրէժը լուծել: Ու, տակաւին, հաւասարապէս թէ՛ ջարդարար Սուլթանին, թէ՛ Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացող Եւրոպային ազդարարել, որ այլեւս կարելի չէ բիրտ ուժով լռութեան մատնել կա՛մ արեան բաղնիքներու մէջ խեղդել փորձել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի արդարութեան ու իրաւունքի մարտունակ ձայնը:

Նախ՝ հայ ժողովուրդին ճակատագրակից քրտական ցեղախումբերը այլեւս պէտք է հասկնային, որ իրենց իսկ իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան սիրոյն զէնք պէտք չէ բարձրացնէին հայ ժողովուրդին ու անոր յեղափոխական զաւակներուն դէմ: Նոյնիսկ եթէ Սուլթանն էր քրտական ցեղախումբերը զինողը եւ քիւրտ աշիրաթապետներուն հայ ժողովուրդին դէմ դրդողը, քրտական ազգային մտածողութիւնը պէտք է սթափէր այլեւս եւ տեսնէր, որ թշնամին հայն ու Հայաստանը չէ, այլ՝ նոյնինքն թրքական պետութիւնն է:

Մազրիկ ցեղախումբին եւ անոր մեծաւորին՝ Շարաֆ պէյի օրինակով անուղղայ բարբարոսներուն հարկ էր տալ այնպիսի՛ «համոզի»չ դաս, որ բոլորն ալ անդրադառնային, թէ այլեւս կարելի չէ հայու արեան ու ինչքին հետ այդպէս վարուիլ՝ անպատիժ սպաննել ու յափշտակել, գողնալ ու աւերել:

Խանասորի արշաւանքի Բ. խումբը

Ապա՝ նոյնինքն Սուլթանին եւ անոր հիւանդ մարդու սնարին շուրջ հաւաքուած, միայն Օսմանեան Կայսրութեան «ժառանգէն» առիւծի բաժին խլելու կայսերապետութեամբ կլանուած եւրոպական մեծ տէրութիւններուն հարկ էր լսելի ու հասկնալի դարձնել միեւնոյն հատու պատգամը. Հայը այլեւս անցեալի ռայեան ու ստրուկը չէ, այլ՝ ազգային իր իրաւունքներուն, Ազգի եւ Հայրենիքի ազատագրութեան համար «Ազատութիւն կա՛մ Մահ» վճիռով  զէնք բարձրացուցած աննկուն մարտիկն է:

Թէեւ իր շղթայազերծման առաջին տասնամեակը հազիւ աւարտած էր հայոց յեղափոխական պոռթկումը, այսուհանդերձ՝ արդէն կտրած էր ինքնահաստատման այնքան կարեւոր ուղի, որ ի վիճակի էր այդպէս՝ 250է աւելի մարտիկներով արշաւախումբ կազմակերպել եւ պատժել հայ ժողովուրդին ու հայ յեղափոխականներուն սպառնացող «ցեց»երը:

1897ի տարեսկիզբին գումարուած թիֆլիսեան իր Ռայոնական ժողովէն եւ անոր հաստատած ա՛յս որոշումէն ետք ալ, Դաշնակցութիւնը շարունակեց յեղափոխական շրջահայեցութեամբ շարժիլ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպման իր աշխատանքներուն եւ նախապատրաստական քայլերուն մէջ: Մինչեւ Յունիս 1897 շարունակուեցան բուռն քննարկումները եւ տարակարծութիւնները Նիկոլ Դումանի կողմէ ներկայացուած եւ Ռայոնական Ժողովի հաւանութեան արժանացած պատժական արշաւախումբի առաջարկին շուրջ: Թէեւ ոչ ոք վիճելի կը նկատէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին կենսունակութիւնն ու մարտունակութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, այդուհանդերձ՝ կային հիմնաւոր առարկութիւններ այդպիսի մեծաթիւ արշաւախումբով ցուցական քայլի մը արդիւնաւէտութեան, նպատակայարմարութեան եւ, ինչու ոչ, նաեւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ: Ատրպատական հաւաքուեցաւ դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգ մը: Հոն էին Նիկոլ Դումանն ու Վարդանը (Մեհրապեան), իշխան Յովսէփ Արղութեանն ու Կարօն (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը), Յարութիւն Շահրիկեանն ու Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), Գուրգէնն (Պաղտասար Մալեան) ու Սեւքարեցի Սաքօն, Քրիստափոր Օհանեանն ու Գալուստ Ալոյեանը, Փոխիկն ու Ախպերը, տակաւին նորագիր պարզ զինուոր Անդրանիկն ու շատ-շատեր: Շուրջ երեք հարիւրի կը հասնէր անոնց թիւը:

Արշաւախումբէն մաս մը

Արշաւախումբի գաղափարին համաձայն չէին  Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, Վարդանի եւ Վազգէնի տարողութեամբ հեղինակաւոր գործիչներ, որոնք Երկրի մէջ՝ յատկապէս Վասպուրականի տարածքին, յեղափոխական առաջին կառոյցներու եւ դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման ռահվիրաները եղած էին: Անոնք կը նախընտրէին զինական թէ մարդկային ուժերը խնայողաբար գործածել, շարունակել լուռ եւ անաղմուկ կազմակերպչական գործը ու նոր թափ տալ Երկրի զինման եւ մարտական ուժեղացման աշխատանքներուն՝ խուսափելով ցուցական քայլերէ, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ աւելի ազդու կրնային ըլլալ: Մանաւանդ որ նոր պատահած էր Պոլսոյ մէջ Օսմանեան Դրամատան գրաւումը:

Բայց Նիկոլ Դումանի երկաթեայ տրամաբանութիւնը այս անգամ եւս յաղթող դուրս եկաւ: Ան կրցաւ պատժական արշաւախումբի գաղափարին շուրջ համախոհութիւն առաջացնել: Դումանի մօտեցումներուն ջերմ պաշտպանն էր ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ ուղարկուած լիազօրը՝ Յարութիւն Շահրիկեան, որ Թաւրիզ առաքուած էր յատկապէս Արշաւանքին վերաբերեալ Ռայոնական Ժողովի որոշումին գործադրութիւնը փութացնելու յանձնարարութեամբ: ՀՅԴ Ատրպատականի Կ. Կոմիտէն Յունիսի վերջերուն վճռահատեց հարցը՝ արշաւախումբի կազմութիւնը արագացնելով եւ, զուգահեռաբար, Վազգէնին ու Գուրգէնին յանձնարարելով, որ լաւապէս զինուած 30 հոգինոց խումբով մը ուղղուին դէպի Վան ու Սասուն:

Նոյնինքն Վարդան եւ Իշխան Արղութեան նշանակուեցան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար: Հարիւրապետներ նշանակուեցան Փոխիկ եւ Ախպեր: Իսկ Նիկոլ Դուման, որ գլխաւոր դարբինն էր պատժական արշաւանքի գաղափարին, նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը:

Ճշդուեցան նաեւ տասնապետները: Սեւքարեցի Սաքոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը: Եւ 21էն 25 Յուլիս 1897ին իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը:

25 Յուլիս 1897ին Խանասորի դաշտին վրայ  գտնուող Մազրիկ ցեղախումբի բոլոր տղամարդիկ արեամբ քաւեցին իրենց մեղքը: Հայ յեղափոխականները ձեռք չերկարեցին կանանց եւ մանուկներու վրայ: Դաշնակցական ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն օգտուեցաւ նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կրցաւ ճողոպրիլ: Սպաննուեցաւ նաեւ անոր անձնական հիւրը եղող թուրք հարիւրապետը:

Սոսկաց քիւրտը՝ լեղապատառ Մազրիկցին,

Չէր երազէր ջնջուել ի սպառ քաջ ֆետայու գնդակէն:

– Եամա՛ն, Աստուած, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք,

Ըսաւ որդուն կրծքին սեղմած լեղապատառ քրտուհին:

– Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր, պաճի ճան,

Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան:

Գաղափարական եւ բարոյական այսպիսի՛ մօտեցումով՝ Դաշնակցութեան Արշաւախումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաքելութիւնը, բայց դէպի պարսկական սահման նահանջի իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ մերձակայ լեռներէն խուժած քիւրտ զինեալներու հետ: Մղուեցան բուռն կռիւներ, որոնց հետեւանքով արշաւախումբը ունեցաւ ծանր կորուստ. նահատակուեցան քսան մարտիկներ, որոնց շարքին՝ հարիւրապետի օգնական Կարօն (Արիստակէս Զօրեան՝ Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը, Դաշնակցութեան զինագործարանին անզուգական վարպետը), յիսնապետի օգնականներ Խանը, Կրետացին եւ Սաղաթել խան Զօհրաբեանը, ինչպէս նաեւ տասնապետներ Շաւարշն ու Խաչիկը:

122 տարի անցած է Խանասորի արշաւանքի պատմական այդ օրէն, բայց կարծէք նաեւ այսօրուան մեր սերունդներուն ուղղուած պատգամ էր արշաւախումբի հրամանատարին՝ Վարդանի կոչը Խանասոր արշաւողներուն.

«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական – թէեւ անհաւասար – կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու. ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել ազատութեան համար»: Իրապէս ալ, նաեւ մեր ժողովուրդի շարքերուն մէջ, Խանասորի յանդուգն արշաւանքը կամքեր կռանեց եւ ինքնավստահութիւն ջրդեղեց:

Հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատուին տէր ու տիրական կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուց նորահաս սերունդներու սիրտն ու միտքը:

Շտկեց կորաքամակ մէջքը ստրկացման դատապարտուած Հայուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.