Անի պարախումբի տարեկան ելոյթը՝ մեծ յաջողութիւն մը
2013 նոյեմբեր 2-ի շաբաթ երեկոն պիտի մնայ անմոռանալի Մոնթրէալի հայութեան ու իր մշակութային կեանքի տարեգրութեան մէջ՝ իբր նուաճում։ Մէկէ աւելի պատճառներով, որոնցմէ սակայն վերջինը կը նկատեմ յաջո՛ղ ձեռնարկի մը իրագործումը։
Արդարեւ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Սանահին մասնաճիւղի Անի պարախումբի տարեկան ելոյթը մեծ յաջողութիւն մըն էր, որով կրնայ հպարտ ըլլալ որեւէ կազմակերպութիւն, առաջին հերթին պարող պատանիներն ու երիտասարդները, իրենց արդէն բազմավաստակ ղեկավարը, յանձնախումբն ու մասնաճիւղի վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ օժանդակներու մեծ թիւ մը, որոնք ճիգ չէին խնայած այդ յաջողութեան պատուո՛վ հասնելու համար։ Արդարօրէն կարելի է ըսել՝ ձեր վարձքը կատար։
Այս տարի իր 85-ամեակը նշող «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին արդէն աւագ մասնաճիւղերէն մէկը հանդիսացող Մոնթրէալի «Սանահին»ն ալ իր 50-ամեակը կը նշէ, եւ այս ձեռնարկը լաւ զուգադիպեցաւ այդ տարեդարձին։
Աւարտին, երբ դուրս կու գայինք Pierre-Mercure հանդիսասրահէն, ուր քանիցս հանրութիւնը վայելած է մեր պարախումբի ելոյթները, մէկ մտածում կ՚անցնէր մտքէս – եթէ նման ձեռնարկ կրնանք կազմակերպել, նման միջոցառում իրագործել՝ ապա որեւէ՛ նախաձեռնութիւն կրնանք յաջողութեամբ պսակել, քանի որ ունինք թէ՛ ներուժը, թէ՛ ալ կամքը։ Եւ այս իրողութեան հաստատումը նոյնպէս նուաճում մըն է, որ մեզ կը հպարտացնէ։ Բայց նաեւ պարտադրանք՝ որ չգոհանանք անկէ նուազով, թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ՛ բովանդակութեան առումով, ոչ միայն մեր մշակութային ձեռնարկներուն, այլեւ ընդհանրապէս այս գաղութի այլ նախաձեռնութիւններու ալ պարագային։ Եւ ոչ միայն »Համազգային»ի, այլ բոլո՛ր կազմակերպութիւններուն պարագային։
Նուաճումի մը փաստն էր ուրիշ երեւոյթ մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի գաղութի կեանքի շարունակականութիւնը ապահովելու տեսակէտէն։ Այդ՝ մեր վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու երիտասարդացումն է, այսինքն արդէն մեր զաւակներուն ու թոռներուն կողմէ ստանձնումը մեր աշխատանքներու կազմակերպութեան։
Այլ դրական երեւոյթ մը եւս՝ նորերուն կողմէ հիներուն մեծարումը։ Մեր պարախումբը գոյութիւն առած է մասնաճիւղի հիմնադրութենէն (օգոստոս 1963) քիչ առաջ, սկսելով որպէս ՀՅԴ Երիտասարդացի պարախումբ՝ նախաձեռնութեամբ ու ղեկավարութեամբ ողբ. տիկ. Արմինէ Մարգարեանի, որ Գահիրէէն նոր ժամանած էր ու մեծապէս տպաւորուած այդ տարիներուն Եգիպտոս այցելած հայաստանեան համոյթներէն։ Վարչութիւնը շատ լաւ մտածած էր յետ մահու մեծարել զինք, ինչպէս նաեւ մահացած կամ ապրող բոլոր պարուսոյցները, թիւով 14, որոնք անցնող կէս դարու ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած էին «Համազգային»ի պարախումբի պահպանման ու զարգացման մէջ։ Երկուքը, որոնք առ յաւէտ բաժնուած էին մեզմէ՝ ներկայացուեցան իրենց զաւակներուն կամ կողակիցին կողմէ, կը բացակայէր մէկը (Ալպեր Քիզիրեան), որ ներկայիս Աւստրալիա կը գործէ, եթէ չեմ սխալիր՝ Սիտնիի «Համազգային»ի պարախումբը ղեկավարելով։ Ներկայ էր նաեւ Լուդվիգ Բուլղադարեանը, որ արդէն տարիներէ ի վեր ստանձնած է Մոնթրէալի քոյր պարախումբի մը՝ «Գառնի»ի ղեկավարութիւնը։ Յիշենք նաեւ տիկ. Սիրվարդ Շայնը, որուն անունը շատ երկար տարիներ սերտօրէն առնչուած եղաւ Անի պարախումբի անուան հետ։ Եւ վերջապէս տիկ. Եւա Հայրապետեանը, որ 18 տարիներէ ի վեր «Անի»ի ոգին կը հանդիսանայ, ղեկավարելով ոչ միայն բուն պարախումբը, նաեւ կրտսերներունը, այլ պարի դասընթացքները, որոնք կ՚ընդգրկեն մանուկներն ու պատանիները՝ամենէն փոքր տարիքէն սկսեալ, որ հետզհետէ կու գան ու կը համալրեն պարախումբի շարքերը։
Այստեղ ալ կ՚ուզեմ նշել միւս դրական երեւոյթը, որ սոյն պարուսոյցին յատուկ ներդրումն է մեր մշակոյթի գանձարանին մէջ։ Ոմանք կը քննադատեն այդ երեւոյթը, որ արդի պարի ներմուծումն է հայկական պարի դաշտին մէջ, դատելով, որ մեր պարախումբերը պէտք է միայն տոհմիկ պարերով սահմանափակուին, ենթադրելով որ արդի պարը հայկական չէ, ու զայն պարել ուզողը կրնայ այլուր դիմել։ Բայց չէ՞ որ զամբիւղագնդակ կամ ոտնագնդակ խաղալ ուզողն ալ կրնայ այլուր դիմել, ապա ի՞նչ պէտք կայ ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն… Մինչդեռ մեր պարուսոյցը, տոհմիկ պարերու միշտ նորոգուող բեմադրութեան կողքին, հայկական երաժշտութեան վրայ հիմնուած իր ժամանակակից պարադրութեամբ կու գայ ճոխացնել մեր մշակոյթը, ու զայն մատուցել 21-րդ դարու պարունակին մէջ։
Եթէ երկար դարեր ստրկութեան ապա ցեղասպանութեան ենթարկուած չըլլայինք, ու հայկական քաղաքակրթութիւնը տասնմէկերորդ դարէն ասդին շարունակած ըլլար ծաղկիլ ու զարգանալ մեր հողին վրայ, ո՛չ մեր երգերը, ո՛չ մեր պարերը եւ անոնց ընկերացող տարազները, ոչ ալ այդ առումով՝ մեր տաճարներն ու մշակութային այլ դրսեւորումները մնացած պիտի ըլլային այն ձեւերուն մէջ, որ այսօր իբր հարազատ, տոհմիկ՝ «հայկական» կ՚ընկալուին։ Եւա կը փորձէ մեծ ոստում մը կատարել, ի՛ր մարզին մէջ, ու մեր երէկը բերել այսօրուան, մեր այսօ՛րը վերընձիւղել մեր երէկուան արմատներէն։ Երանի յաջողէինք նոյնը ընել մեր մշակոյթի միւս մարզերուն մէջ։
Այս հարստացումը մեծագոյն յաջողութիւնն է Անի պարախումբին։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ