24 Տարի Առաջ Այս Օրը Ազատագրուեցաւ Մարտակերտը
1993-ի Յունիս 27–ին ազատագրուեցաւ Արցախի Մարտակերտ քաղաքը: Յունիս 2-րդ կէսին հայկական ուժերը ազատագրած են մարտավարական կարեւորութեան քանի մը բարձունքներ ու բնագիծեր: Մարտակերտի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ գործող ղարաբաղեան զօրամիաւորումները, հակառակորդին զգալի կորուստներ պատճառելով, Խրամորթ եւ Փափրաւենդ գիւղերու ուղեգիծին մէջ դուրս եկած են Աղդամ-Մարտակերտ ճանապարհի բնագիծը:
Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն գործադրուող ճնշման դիմագրաւելու համար հակառակորդը Յունիս 26-ին մարտի մէջ մտցուցած է նաեւ մարտական ինքնաթիռներ: Սակայն ՊԲ մարտիկները վար առած են մէկ ինքնաթիռ եւ տեւական ու յամառ մարտերէ ետք ազատագրած են հեռուստաաշտարակի եւ «Պուշկենեալ» բարձունքները: Ստանալով դիրքային առաւելութիւն` յաջողած են հակառակորդը դուրս շպրտել Մարտակերտ քաղաքէն եւ այդ ուղղութեամբ գործող հարուածային ուժերը դուրս բերած են Խրամորթ-Բոյահմեդլի–Փափրաւենդ-Մարտակերտ-Մատաղիս բնագիծ:
Յունիս 27-ին Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները մտած են Մարտակերտ: