ՀԱՅՈՑ ԿՈՏՈՐԱԾԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ 5 ՄԻԼԻՈՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ


 

 

«Ակունք» կայքէջին վրայ զետեղուած է արեւելահայերէն թարգմանութիւնը Զէյնեփ Թոզտումանի յօդուածին, որուն մէջ վերջինս կը գրէ, թէ Թուրքիոյ ոչ մահմետական ժողովուրդներու ճակատագիրը փոխած 1915-ի կոտորածը՝ (մասնաւորաբար 16-ամսեայ կարճ ժամանակահատուածի մէջ հայ բնակչութեան կէսէն աւելիի բնաջնջումը Երիտասարդ թուրքերու կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի 12 հոգինոց յատուկ խումբի հրամանով) մարդկութեան դէմ մեծ ոճիր ըլլալէն բացի, գոյքի եւ դրամատնային հաշիւներու իւրացման, տնտեսական եւ պատմամշակութային ցեղասպանութեան սեւ դրոշմն իր վրայ կրող հետք մըն է։

10 յունիս 1915-ին, կայացած խորհրդարանի նիստին ընթացքին, երբ գլխաւոր խորհուրդի նստաշրջանը աւարտած էր, գոյքային հարցերով զբաղող խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ որդեգրուեցաւ բռնագրաւման եւ պետականացման մասին ժամանակաւոր օրէնքը։

Աքսորուած հայերուն պատկանող գոյքն ու դրամատնային հաշիւները ճանչցուեցան իբրեւ «լքեալ» եւ պետութեան իրաւունք շնորհուեցաւ զանոնք իր ձեռքը առնելու։ Պետութեան շահերէն բխող այս անօրինականութիւնը թրքական խորհրդարանին մէջ միայն եզակի անձերու կողմէ արժանացաւ քննադատութեան։ Մինչեւ 1918 բազմաթիւ անգամ ընդդիմախօսութեամբ հանդէս եկած երեսփոխան Ահմետ Ռըզա այդ մասին ըսած էր. «Այդ գոյքը լքեալ գոյք համարելը անօրինական է, որովհետեւ գոյքի տէրերը իրենց ցանկութեամբ չեն լքած զայն, անոնք բռնի ուժով իրենց տեղերէն հեռացուած են։ Կառավարութիւնը այժմ անոնց գոյքը կը վաճառէ իր պաշտօնեաներուն։ Ասիկա սահմանադրութեան 21-րդ յօդուածի բացայայտ խախտում է։ Ասիկա դաժան ողբերգութիւն է։ Զիս թեւէս բռնէ՛ ու գիւղիս սահմաններէն դուրս նետէ՛, հետոյ ալ գոյքս ու ապրանքս վաճառէ՛։ Ասիկա անթոյլատրելի է»։
Օսմանեան կառավարութիւնը միայն յունիս 1915-ին՝ 5 միլիոն թրքական լիրայի համարժէք գումար ներդրած էր պետական պարտատոմսերու մէջ։

Աւելի ուշ, այս ներդրումներն ապահովելու համար ուղարկուեցան Պերլին ու Վիէննա եւ պահ դրուեցան իբրեւ ոսկի։

Օսմանեան այս գումարները ներդրուեցան եւրոպական դրամատուներու մէջ՝ պատերազմէն ետք օգտագործելու նկատառումներով։ Գերմանիան իր կարգին, առիթն օգտագործելով, այս գումարները հաշուեց օսմանեան պետական պարտքի փոխարէն, որովհետեւ գերմանական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ դրամատուներու կողմէ 1915-ի առաջին երեք ամսուան ընթացքին հայերուն տրուած վարկերու պատճառով գերմանացիներու կրած վնասները յայտարարուեցան 5 միլիոն թրքական լիրայի չափով, եւ հետեւաբար, այս գումարը այլեւս Թուրքիոյ չվերադարձուեցաւ։

Թուրքիոյ կողմէ պահ դրուելու համար Պերլին ուղարկուած 5 միլիոն լիրայի մէկ մասը ձեռք բերուած էր հայ կիներն ու երեխաները ստրկութեան վաճառելով։

1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ հայ կանանց եւ երեխաներուն վաճառելու համար բացուած ստրուկներու շուկաներու վայրերուն մէջ՝ թուրք զինուորներու համար կը կազմակերպուէին հասարակաց տուներ։ Նմանատիպ օրինակներէն կրնանք յիշատակել Մարտինի զինուորական հրամանատարութեան առջեւ բացուած ստրուկներու շուկան։

Փախցուած եւ ստրկացուած հայ կանանց մահմետական հարեմներուն մէջ պահելը, հայկական ծինի «բռնագրաւումը», տղամարդոց իբրեւ ձրի աշխատուժ օգտագործելէ ետք սպանելն ու անոնց կիներն ու երեխաները իբրեւ սեռային ստրուկ աշխատցնելը, այսպիսով հայ ժողովուդին բազմանալու հնարաւորութենէ զրկելը՝ ցեղասպանութեան մեքանիզմին կարեւոր հիմքերէն մէկն է։ Սեռային ստրկութիւնը ցեղասպանութեան եւ ատոր յաջորդող շրջանին մէջ մեծ տարածում ունեցած է։ Սեռային ստրկութիւնը նաեւ օգտագործուած է կազմակերպիչներուն կողմէ, իբրեւ հարստացման մեքանիզմ, սակայն, ատկէ զատ, անիկա օգտագործուած է նաեւ իբրեւ նուաստացնելու միջոց։

Թուրքիոյ եւ իր դաշնակիցներու մարդասպան քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք՝ հայերը կորսնցուցին ոչ միայն իրենց հայրենիքն ու կեանքը, այլ նաեւ՝ տնտեսական հարստութիւնները։

Պատերազմի աւարտէն ետք, դաշնակիցները գողցուած հայկական գոյքը միասնաբար իւրացուցած են։

Այս ընթացքին նոր կազմաւորուած Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութեան 26 դեկտեմբեր 1925-ի յայտարարութեամբ շարունակուեցաւ Երիտասարդ թուրքերու կառավարման շրջանին ոչնչացուած «տարրերու» գոյքի գրաւումը։

5 միլիոն լիրայի ճակատագիրը քննարկուեցաւ 1925-ի սեպտեմբերի վերջաւորութեան՝ Լոզանի դաշնագրի կնքման ժամանակ։

10 հոկտեմբեր 1944-ին, Մերի Թերզեան գերմանացիներէն անգլիացիներու ձեռքը անցած 5 միլիոն լիրայի հարցի վերաբերեալ Սթենլի Պոլտուինին նամակ յղած էր։

Բրիտանական կառավարութեան կողքին նաեւ որոշ «անտեսանելի ուժեր» կը խափանեն Պոլտուինի 1924 թուականի յուշագրի պատճէնը ցոյց տալու հոլովոյթը։ Մերի Թերզեանի նախաձեռնութիւնը այսպիսով ապարդիւն կը մնայ։

Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆինանսական պարտաւորութիւններու մասին նամակի հարցը երկրորդ անգամ բարձրացուեցաւ այն ժամանակ, երբ անգամ մը եւս նամակ յղուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան լորտ Հալիֆաքսին՝ «Թուրքիայէն գերմանական «Տէոչպանք», իսկ հետագային Լոնտոն ուղարկուած եւ հայերուն պատկանող 5 միլիոն թրքական լիրան ի՞նչ եղաւ» հարցումի պատասխանը անօգուտ փնտռելով։

Այստեղ թուրքերու կողմէ հայերէն գողցուած, Գերմանիոյ մէջ պահ դրուած ու հետագային Լոնտոն ուղղուած 5 միլիոն լիրայի չափով ոսկիի հարցին մէջ ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ, այլ նաեւ Բրիտանիոյ մեղքի բաժինը կայ։ Բրիտանացի պետական պաշտօնեաները եւ բրիտանական ապահովագրական ընկերութիւնները պատերազմէն առաջ հայերու հանդէպ ստանձնած առեւտրական պարտականութիւններու գործադրումը կանխարգիլած են։ Իբրեւ ամենէն յայտնի օրինակ կրնանք նշել գոյքի եւ կեանքի ապահովագրութեամբ զբաղող բրիտանական «Աշուրընս Քամփընի» ապահովագրական ընկերութիւնը։ Հայերու հետ կնքուած պայմանագրերու համաձայն, հետագային համապատասխան փոխհատուցումներ, վճարումներ չկատարելու հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր դէպքեր կան։

Ինչպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չեն ճանչնար որեւէ ժամկէտային սահմաններ, այնպէս ալ այդ յանցագործութիւններու հետ կապուած պահանջները, ներառեալ տնտեսական պահանջները, չունին ժամանակային սահմանափակումներ։

Կը կարծեմ, որ այսօր Եւրոպայի մէջ, Ամերիկայի մէջ եւ Աւստրալիոյ մէջ ապրող հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները իրենց ապրած երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կրնան բարձրացնել այս 5 միլիոն թրքական լիրայի ճակատագրի խնդիրը։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.