Հալէպէն Լիբանան Ուղղուող 2 Հանրակառքերու Վրայ Յարձակում. Հայ Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ
1341
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– «Երկիր Մեդիա»ի Հալէպի թղթակիցին համաձայն, 23 Յուլիսի երեկոյեան Հալէպէն Լիբանան ուղղուող հանրակառքը անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած է: Յարձակումը գործուած է Հալէպէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Նախ հանրակառքին ուղղութեամբ հրթիռ արձակուած է, ապա գործի անցած են արձակազէնները. իբրեւ հետեւանք՝ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են։ Մահացած է Թամար Սերուրեան, որ երկու զաւակներու մայր էր: Նշուած է, որ առնուազն 15 հալէպահայեր վիրաւորուած են ու տեղափոխուած քաղաքի տարբեր հիւանդանոցներ: