Վեր. Եսայի Սարմազեանի Յիշատակին
Վեր. Եսայի Սարմազեան այս աշխարհէն հեռացաւ Մարտ 15, 2023-ին Թորոնթոյի մէջ՝ Գանատա։ Ծնեալ 1937-ին, Քեսապի Պաղճաղազ գիւղին մէջ՝ Սուրիա, Վեր. Սարմազեան հաւատարմութեամբ ծառայեց Հալէպի, Պէյրութի եւ Թորոնթողի հայ աւետարանական եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն մէջ։
Վեր. Սարմազեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Վիքթորիա Համալսարանի Աստուածաբանական բաժանմունքէն։
Վեր. Սարմազեանի Յիշատակի պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023-ին՝ առաւօտեան ժամը 11-ին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ։
Ընկերներ էինք իր ուսանողական շրջանէն: Մենք՝ մեծցած ըլլալու հաւակնոտութեամբ, շրջանաւարտ՝ Քրիստոնէական Պատանեաց – Ջանից Ընկերակցութեան համագումարներէն եւ որպէս արկածախնդիր վրանաբնակներ, անկախ նախաձեռնութեամբ, մեր ամառուայ արձակուրդը կ՚անցընէինք Քեսապի մէջ, համագումարներու կողքին: Ինք՝ Եսայի էր մեզի համար, Աստուածաբանական Ճեմարանի ուսանող եւ հաւատարիմ իր անունին, արդէն իր էութեամբ պատասխանած էր Աստուծոյ «Ո՞վ ղրկեմ» հարցումին, հաստատելով «Ահաւասիկ, ես, զիս ղրկէ»ն: Մեր պատանեկութեան ամենաուրախ օրերն էին: Քեսապը մե՛ր Հայաստանն էր: Սուրիոյ հայաշունչ, հայախօս եւ հայատրոփ անկիւնը ուր կը հանդիպիս սրբազան ազատութեան, մօտ կը զգաս Երկնաւորին, կը պաշտես Արարիչն ու արարչութիւնը ու ձայնդ բարձրացնելով կը փառաբանես զԱստուած: Եսային՝ մեր մեծ եղբայրն ու առաջնորդն էր: Ու միասին ամառները վայելեցինք Րաս Պասիթ ծով իջնելով, Վերի Պաղճաղազ, Սարմազեաններու հօրենական տան մէջ բանակով տախտակամածին վրայ հիւրասիրուելով, Սիլտիրանները մագլցելով եւ ամէն քայլափոխի ճաշակելով հանդիպակած խնձորենիներու, թզենիներու, ընկուզենիներու եւ մորենիներու օրհնութիւնները:
Եսային՝ «Ղրկուեցաւ»:
Հալէպն էր փորձառութեան առաջին դաշտը եւ իր հովուական ծառայութեան յաջողութեան առաջին նիշն իսկ կատարեալ էր:
Ժառանգած պառակտուած եւ իրարամերժ հօտ մը՝ ան իր բազմատաղանդ արժանիքներով, քրիստոնէական ամբասիր սիրով եւ մագնիսային կարողութեամբ կենդանացուց եկեղեցին եւ ոչինչէն սկսած՝ իր շուրջ հաւաքեց մանուկն ու պատանին, երիտասարդն ու չափահասը, Հայ Աւետարանական Բեթել Եկեղեցին դարձնելով Աստուածահաճոյ եւ Աստուածապաշտութեան աշխոյժ բոյն մը ֆիզիքապէս եւ հոգեւոր դաշտի մէջ շարունակ զարգացնելով ժողովուրդն ու եկեղեցին:
Քրիստոնէական Պատանեաց եւ Ջանից Ընկերակցութիւններու շարքերը արտակարգ աճ ապրեցան, զանոնք իմ գիտակից յիշողութեանս մէջ բարձրացնելով մրցանիշ կտրող անդամակցութեամբ եւ գործունէութեան գծով ամենա-աշխոյժ եւ գործունեայ տարիներու:
Դաւանական անխտիր երանգներով՝ Հալէպահայ երիտասարդ սերունդի մը մտային, հոգեւոր եւ ազգային համոզումներու կոբման բրուտը եղաւ Հալէպի մէջ։ Բեթէլի եւ աւելի լայն շրջագիծով, Հալէպի ջանիցները իր առաջնորդութեանբ դարբնոց դարձան սերունդի մը նկարագրի կազմաւորման եւ մտային, հոգեւոր եւ ֆիզիքական զարգացման հարթակներու վրայ:
Իր հաւատքին եւ հայրենասիրութեան մէջ կրակ կար: Իր արատայայտութեան ոճին մէջ խիզախութիւն: Իր հաւատամքներն ու համոզումները, հաստատուն էին, խարսխուած, անեղծ, երբէք ոչ ծանծաղ եւ ոչ մակերեսային: Է՛ր եւ կեանքի ծառայութեան ամբողջ ընթացքին, Սուրիայէն Լիբանան եւ մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա, ան մնաց թունթ Քրիստոնեայ, թունթ Հայ Աւետարանական եւ թունդ Քեսապցի:
Քեսապի Աստուածամերձ լեռներու, երկնասլաց հպարտ բարտիներու եւ մայրիներու, լուսաշող գիւղերու, մշտահոս ջինջ աղբիւրներու, սարերու լանջին հաստատուած պողպատեայ ժայռերու զաւակ, ինքզինք Աստուծոյ ժառայութեան նուիրող Եսային՝ երբ «այր» եղաւ, «տղայութեան բաները մէկդի ձգելով», Յովհաննէս Ահարոնեանական ոճով պատշաճի յարգանքը պարտադրեց բոլորին, դառնալով Պատուելի՛, Եսայի, բառին հոգեւոր եւ լեզուական զոյգ իմասներով, միշտ մնալով մեր ընկերը։ Քեսապցիի պարզութիւնը եւ Քրիստոսի նմանելու ուխտն ու հաւատարմութիւնը զինք իր կեանքի բարձունքներուն վրայ միշտ պահեցին խոնարհ եւ առինքնող հովիւն ու առաջնորդը։
Յարգանք, պատիւ՝ գլխագիրով մեծ Մարդուն եւ Աստուծոյ համեստ ծառային:
Պիտի կարօտնանք զինք։
Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
Comments are closed.