Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում հայրենիքէն նոր վերադարձած փրոֆ. Գէյթ Դայրեանի հետ
Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի արեւմտեան շրջանի անդամները հանդիպում մը ունեցան հայրենիքէն նոր վերադարձած փրոֆ. Գէյթ Դայրեանի հետ:
Փրոֆ. Դայրեան, որ անցնող չորս ամիսներուն ընթացքին մօտէն հետեւած էր «Հայաքուէ» շարժման գործունէութեան եւ «Սրբազան Պայքար»ի աշխատանքներուն, մեծ ոգեւորութեամբ մասնակցած էր շատ մը ձեռնարկներուն եւ ժողովրդային հաւաքներուն, իր աջակցութիւնը բերելով կազմակերպչական աշխատանքներուն։
Սոյն տեղեկատուական հանդիպման ընթացքին, կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռակողմ համագործակցութեան կարեւորութեան շուրջ՝ ընդգծելով ՀՀ ներկայ իշխանութեանց վարած ազգակործան քաղաքականութեան հակազդելու շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, նամանաւանդ արցախահայութեան իրաւունքներն ու Հայոց ցեղասպանութեան փաստը նսեմացնելու անոնց ողորմելի փորձերուն ի տես:
Աւարտին, հանդիպման մասնակիցները անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու հայրենիքի ի նպաստ անկոտրում պայքարը եւ ամէն գնով հակազդելու Հայ Դատի օրակարգային առաջադրանքներուն խոտոր համեմատող բոլոր հակահայ քայլերուն։
Բոլորը յայտնեցին յաջորդ հանդիպում մը կազմակերպելու ցանկութիւնը։
Comments are closed.