ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ»
- (0)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Գ․2- «Մտքի Վիճակ»
1995-ի դասախօսութիւնը, որուն հետ էի նախորդ՝ Գ․1 բաժնով, Սփիւռք ըլլալու, եւ Սփիւռքահայ ըլլալու «մտքի վիճակ»ին յաջորդաբար կցած է անդրադարձներ օտարութեան, առանձնութեան, «միւս հայուն, կամ՝ աւելի վաւերական»ի փնտռտուքին, ան«կեդրոն»ութեան, «զգացական պլէք հօլ (black hole)»ին, սփռուածութեան մէջ ինքնիրագործումին, գոյութեան «ռէզոն տ՛էթր»ը հնարելու ստիպողութեան եւ այլ «գաղափար»ներու։
Երբ կը կարդանք 1987-ին գրուած իր «Փորձ՝ Սփիւռքի Տեսութեան»ը, որ փակագիծի մէջ ենթատիտղոս ունի «Հերետիկոս Մտածումներ» բացատրութիւնը, առաջին «գաղափար»ը Սփիւռքին «բովանդակ իմաստով» հայրենիք մը ըլլալու անկարելիութեան մասին է։ Անկարելիութիւնը՝ որովհետեւ «հայրենիք կոչուածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ հօր գաղափարին ընդարձակումը, վայրը՝ որ ծնունդ կու տայ, ուր կը կեդրոնանան մարդիկ, հեղինակութեան եւ իշխանութեան կերպարանքներէն մին» (ՓՍՏ1), եւ «1915-ին, վայրագ մարդիկ հայրութեան գաղափարը սպաննեցին գրեթէ ու կիսամեռ մարմինը խորունկ, մթին խրամին մէջ նետեցին «Ինքնութիւն»/«Հոգեհանգիստ 3)։ Մեծ Եղեռնը աղէտներուն Աղէտն է, բայց միաժամանակ դէպքն է «մտմտալ»ու, թէ «ինչպէս կարելի է այդ մարմինը կեանքի բերել վերստին՝ որ ան հագնի իր անցեալն ու ապագան եւ շարունակուին սերունդները» (նոյն)։ Այն դէպքէն կը սկսի «Սփիւռքի օրէնք»ը, որ անվերջ «սփռումի գործողութիւն» է, եւ՝ ոչ միայն, այլեւ պատասխանատուութիւն է յեղափոխական ինքնաստեղծումի, որ հայրաստեղծում է։ Այս սփռումը «նոր սահմանում մըն է ինքնութեան յղացքին եւ ծագումի արարքին» (ՓՍՏ1), գրած է․ պիտի նախընտրէի, որ գրած ըլլար՝ ինքնութեան յղացքին եւ ծագումի արարքին յարանոր վերասահմանումներու ընթացք մըն է։ Յետոյ նաեւ գրած է լեզուի ու մշակոյթի մասին, «ճշմարտութեան եւ վաւերականին կղզիներ»ուն մասին։
Հարցազրոյցի մը մէջ, որուն նախապէս յղում կատարեցի, 1991-ին ըսած է․ «Կեդրոնաձիգ եւ կեդրոնախոյս մղումներու աքցանին ինկած ենք մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան․ դէպի հող ու արմատ, եւ դէպի դուրս, դէպի ազատ աշխարհ։ Ասոնց հիմա նոր մը աւելցած է․ դէպի Սփիւռք, որ ուրիշ ինքնութիւն է քան “դուրս” կամ “ազատ” գոյութիւնը, եւ որ ապրած ենք աշխարհի չորս կողմը՝ հազար տարիէ ի վեր (իբրեւ) կիսագիտակից, աւանդական սփիւռք։ Ձգտում մը կայ այդ հին, մեռած կեղեւները մէկդի շպրտելու ու նոր էութեամբ մը ապրելու, ինչպէս թրթուրը որ պէտք է մեռնի, որ իր չորցած մաշկէն թիթեռնիկ մը ծնի» (ՍՏՀ)։ (Միայն նշեմ, որ թրթուրը մահուան չափ մեծ փոխակերպումէ կ՚անցնի, սակայն չի մեռնիր, այլ այնքան կը փոխակերպուի՝ որ իր նախկին երեւոյթէն կատարելապէս տարբեր թիթեռնիկ մը կը ծնի)։
Վերջին մէջբերումին առաջին հաստատումը ո՛չ միայն անցեալի փորձառութեան մը մասին է, այլ նաեւ՝ այժմեան։ Անիկա նոր Սփիւռքի «մտքի վիճակ»ին նախատարրերը ցոյց կու տայ․ «կեդրոնաձիգ եւ կեդրոնախոյս մղումներ»։
Բարդ բառերուն «կեդրոն»ին նշանակութիւնն է «հող եւ արմատ»։ «Հող»ը հայրենիքն է։ «Արմա՞տ»ը։ Պատմութիւն, լեզու, ֆոլքլոր (1), մշակոյթ, «միթ» (2) եկեղեցի, կրօնական աւանդներ ու այլք:
Ուրեմն՝ «կեդրոնաձիգ» մղումը` ասոնց ձգուող մղո՞ւմն է։
Վերեւ «զգացական պլէք հօլ»ի ակնարկուեցաւ։ Անիկա Հայաստան անուն զգացական «բան»ն է, որ մեզ կը քաշէ, որուն ձգողութեան ենթարկուած ենք, եւ որ մեզի կու տայ բարոյական տեսակ մը կեդրոնի պատրանք» (ՍՏ)։ Հայաստան անունը՝ բովանդակութիւնն է հայ ինքնութեան կազմաւորիչ բոլոր երեւոյթներուն կամ «հող եւ արմատ»ին։ Ասիկա կ’ըսէ, թէ «կեդրոնաձիգ» մղումը՝ ասոնցմէ ձգուող մղումն է․ ասոնք իրենց մէջ կը քաշեն սփիւռքահայերը։ Այս ձգողութենէն է անցելապաշտութիւնը, որ իրեն հետ կը բերէ թէ՛ բարիքներ, եւ թէ՝ չարիքներ (նոյն)։ «Պլէք հօլ»ի պատկերը խնդրայարոյց է անշուշտ։
Սակայն հասկնալի է մտաւորականին միտքը՝ որ ցանկացած է ցոյց տալ «հող եւ արմատ»ին հսկայական ուժը։ Բայց տիեզերական այդ երեւոյթը անդիմադրելի ըլլալու չափ հսկայական ուժով իրեն կը քաշէ եւ մաքարոնացնելով կուլ կու տայ որեւէ ինչ որ իր ձգողական դաշտը կը մտնէ․ որմէ ոչ իսկ լոյսը կրնայ խոյս տալ։ Ուշագրաւ է ու զարմանալի, որ «բարոյական տեսակ մը կեդրոն»ին համար նաեւ գործածած է «խորհրդաւոր կեդրոն» բացատրոյթը (նոյն)։ Պատրանքայի՞ն «բան» մըն է անիկա, թէ՝ խորհրդաւոր։ Ստոյգ է, որ Վ․ Օշականի համար պատրանքը ժխտական նշանակութիւն չունի։ Իր հայեացքին մէջ, պատրանքը խորհրդաւոր երեւոյթ է, եւ խորհուրդն ալ՝ պատրանաւոր երեւոյթ․ անոնք իրարու հետ կան ու կ’ըլլան, իրարմով կան ու կ’ըլլան։ Ուստի՝ Հայաստան անուն զգացական «բան»ը խորհրդաւոր պատրանք է եւ խորհուրդ է պատրանաւոր, որ իրեն կը ձգէ։ Այս հսկայական ձգողութեան բացատրութիւնը՝ կրաւորականութիւն կը թելադրէ։ Բոլոր «հող եւ արմատ» ձգուողները՝ կրաւորական անձեր են, կամ անձեր են՝ որոնք տրուած են կրաւորականութեան։ Սակայն խնդիրը հոն է, որ իրական պլէք հօլը աւելի հզօր է որեւէ մղումէ, որեւէ ինչէ, նոյնիսկ՝ լոյսէ։ Եւ ինք՝ Վ․ Օշական իր բոլոր մարտավարութեամբ վերջ ի վերջոյ դէպի զգացական «բան»ը քաշուեցաւ։ Իր հոգին թող խաղաղ ննջէ՝ օրինակներ պիտի չտամ։ Կը կարծեմ, որ մարտավարութիւն մը չի կրնար յաղթահարել այն բոլոր արքատիպերը, որոնք մեզ կը վարեն։ Որովհետեւ արքատիպերը փորձառութիւններու նշաններ են, իրաւ փորձառութիւններու, որոնք բոլոր ժամանակներուն ալ մէջ՝ մարդկային հիմնական փորձառութիւններու կը վերաբերին։
Եւ «կեդրոնախոյս»ը։ Այս բառը եւս խնդրայարոյց է։
«Վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին, մենք տեւական (…) քայլ առ քայլ (դէպի դուրս շարժած ենք)», ըսաւ։ Ապա՝ «Եթէ նկատի ունենանք մեր մշակոյթի պատմութիւնը, մեր մշակոյթը զարգացած է դէպի դուրս գացող, դէպի աշխարհի չորս կողմերը տարտղնուող զանազան կեդրոններու մէջ։ Սկսիմ, ի՞նչ գիտնամ՝ Նոր Ջուղայ, Աստրախան, Պոմպէյ, Կալկաթա, Մատրաս։ Կ’անցնիմ՝ Վենետիկ, Պոլիս, Իզմիր, Փարիզ, Վիեննա, Թրիէստ, Թիֆլիս, Մոսկուա, Դորպատ․ ասոնք Հայաստանի մէջ չեն»։ Եւ թէ՝ սփիւռքահայը այս իրողութեան պէտք է գիտակցի (ՍՏ)։ Սակայն այս հաստատումը ապացոյց չէ կեդրոնախոյս ըլլալու։ Յետ-Եղեռնեան առումով կեդրոնախոյս ըլլալու՝ մասամբ ապացոյց է։ Նախա-Եղեռնեան կեդրոնախոյսը այն չէր՝ ինչ եղաւ յետ-Եղեռնեան կեդրոնախուսման փորձառութիւնը ոմանց մօտ։ Նախա-Եղեռնեան կեդրոնախուսութիւնը հետեւանք էր բռնութիւններու եւ բրտութիւններու։ Եղեռնեան կեդրոնախուսութիւնն ալ հետեւանք էր բռնութիւններու եւ բրտութիւններու, եւ խստագոյն անմարդկայնութեան, որ մնացորդացը տարագրեց իր պապենական հողերէն։ Իսկ յետ-Եղեռնեան կեդրոնախուսութիւնը ինչպիսի՞ն է։ Օրինակ մը տուած է, յիշելով Գրիգոր Պըլտեանի մէկ խօսքը, կամ գուցէ մեկնաբանելով անոր ճամբան․ «“Ես կ’ուզեմ աճիլ”, ինչպէս կ’ըսէր (…), եւ Ֆրանսա գնաց» (նոյն)։ Պըլտեան Սփիւռքահայ գրականութեան տաղանդաշատ գրողն է։ Նաեւ՝ գրողն է իր սերնդակիցներէն Յարութիւն Քիւրքճեանի, Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Մարկ Նշանեանի ու այլոց հետ՝ Սփիւռքի փորձընկալման եւ գիտակցութեան խորաթափանց միտքերէն։ Գրողը՝ որ դրսութիւնը կատարելապէս ստանձնած է, ու միշտ կը մտնէ դուրս։ Ես մըն է «անկախութիւն հռչակած»․ ան ազատագրուած մըն է «կեղծ-Սփիւռքէն, որ գոյութիւն ունէր աշխարհի ծոծրակին՝ 1920-էն մինչեւ 1975» (ՓՍՏ1)։ Այս տիպի կեդրոնախուսութիւնն է, որ «Սփիւռքի օրէնք»ին հարազատ է, որովհետեւ կ’ապրի, կը մտածէ եւ կը գործէ ըստ այն օրէնքին։ Բայց այս տիպը մշակութային ընտրանի մըն է։ Թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս տիպի կեդրոնախուսութիւնը ընդհանրացնել՝ Վ․ Օշականի մշակոյթի մասին միտքերուն առիթով պիտի անդրադառնամ։
ԾԱՆՕԹԱԳՐԱԿԱՆ
1.- Վ․ Օշական յստակ գիտէր, թէ «ֆոլքլոր»ը կը նշանակէ ժողովրդական բանաւոր բանահիւսութիւնը, եւ ամբողջութիւնը ժողովրդական հաւատալիքներու, ծէսերու, երգերու, պարերու, հեքիաթներու, եւ կենցաղային զանազան երեւոյթներու։ Բայց ինչո՞ւ նախընտրած էր օտար բառը գործածել հետեւողականօրէն։ Արդեօ՞ք պարզապէս ըսելու՝ թէ Սփիւռքը էապէս օտարութեան վայրն է, եւ ուստի՝ այն ինչ որ բառը ընդգրկած էր որպէս անցեալի ժառանգութիւն՝ միայն օտարութեան փորձընկալմամբ իմաստաւորելի են։
2.- «Ֆոլքլոր»ին ենթադրութիւնս՝ «միթ»ին ալ կու տամ։ Բայց նաեւ կ’ենթադրեմ, որ ի մտի ունէր ֆրանսական ժամանակակից մտածումին մէջ «միթ»ին ընկալումը։ Ըստ որուն՝ անիկա կրօնական առասպելը չէ, այլ զանազան արժէհամակարգերու արտադրած եւ լայնօրէն ընդունուած գաղափարներու յեռուածքը։ Վ․ Օշական խորհած է, թէ միշտ նոր «միթ»եր պէտք է ստեղծել, որովհետեւ իսկական իրականութիւնը եւ իսկական ճշմարտութիւնը միշտ ծածկուած պիտի ըլլան, եւ մարդուն կը մնայ լոկ ինքզինք պահել անոնց ճանաչման անկարելի մագլցումին մէջ)։
(Շարունակելի 4)