Սուրիահայ Ճեսիքա Յարութ ՍեմԷրճեան զոհ հրթիռակոծման
2013
0
13 Մայիս 2019-ին, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով լարուածութեան մեղմացման գօտիներու համաձայնութիւնը, մինչեւ այսօր կը շարունակեն հրթիռներ արձակել Համայի արուարձաններու բնակելի շրջաններուն ուղղութեամբ:
Կիրակի, 12 Մայիս 2019-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներով թիրախ դարձուցած էին Սքելպիէի բնակչութիւնը: Հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուած էին 5-10 տարեկան 4 մանուկներ, վիրաւորուած տասնեակ քաղաքացիներ: Զոհերէն մէկը փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ ՍեմԷրճեանն էր:
Այսօր, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին հրթիռակոծած են գիւղը: Արձանագրուած է 1 զոհ եւ 5 վիրաւոր: