«Սիմոն Զաւարեանի Անտիպ Նամակները» Հատորի Շնորհահանդէս
- (0)

ՀՅԴ 134-ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, երէկ` հինգշաբթի, 30 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհահանդէսը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, այնուհետեւ հատորը ներկայացուց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան:
Այնուհետեւ խօսք առին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ հատորի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու մակագրում` խմբագիրին կողմէ: