Սենթ Գաթրինզի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանի 44-րդ Ներկայացուցչական ժողովը
ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանի 44-րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 13-15 Սեպտեմբեր 2019-ի շաբավերջին, Սենթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնին մէջ: Հիւրընկալ մասնաճիւղն էր ՀՄԸՄ «Սենթ Գաթրինզ»ը: Ժողովը ընթացք առաւ 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, ՀՅԴ «Արարատեան» Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Վարանդ Զէյթլեան, ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ եղբ. Շանթ Ժամկոչեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ տիկին Արփի Աշգարեան, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Միսակ Պէլեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Խաչերեան, Գանատայի Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի ներկայացուցիչ եղբ. Արպի Գազարեան եւ Շրջանային վարչութեան կողմէ հրաւիրեալներ: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանի վեց մասնաճիւղերէն՝ Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Սենթ Գաթրինզէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն եւ Վանգուվըրէն, 46 իրաւասու ձայնով մասնկցող քոյր-եղբայրներ:
Բացումը կատարեց ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ քոյր Լիոնի Սարմազեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ական քոյր եղբայրներուն, ապա իր բարի գալուստի ու շնորհակալական խօսքէն ետք անմիջապէս ընտրուեցաւ առժամեայ դիւան: Առժամեայ դիւանը, ստուգելէ ետք լիազօրագիրները, հաստատեց ժողովին օրինականութիւնը, որմէ ետք ընտրուեցաւ մնայուն դիւանը՝ երկու ատենապետներ եղբ. Վահան Չալիքեան եւ եղբ. Արա Իմամէճեան եւ երկու ատենադպիրներ՝ եղբ. Տաթեւ Պէպէճեան եւ քոյր Շողիկ Ազարիկեան: Անմիջապէս ետք, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները ներկայացուցին մասնաճիւղերու գործունէութեան ամփոփ տեղեկագրերը, որոնցմէ ետք յաջորդաբար խօսք առին միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք շնորհաւորեցին շրջանաւարտ Շրջանային վարչութիւնը՝ տարած երկամեայ գործունէութեան համար, եւ բարի երթ մաղթեցին ժողովին: Երեք օրերու ընթացքին, ժողովը ունեցաւ հեզասահ ընթացք ու հասաւ արդիւնաւէտ որոշումներու: Արծարծուեցան սկաուտական, մարզական, վարչական ու աշխատանքներու արդիականացման հարցեր, եւ եղան շինիչ առաջարկներ:
Ժողովը իր աւարտին հասաւ 15 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին: Ընտրուեցաւ 2019-2021 տարեշրջանի ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, որ բաղկացաւ հետեւեալ անդամներէն. եղբ. Տէնի Մարկորեան, քոյր Ցոլեր Մկրտիչեան, եղբ. Արմէն Գրիգորեան, եղբ. Արա Իմամէճեան, քոյր Սօսի Տայեան, եղբ. Արպի Գազարեան եւ եղբ. Պերճ Աթոլիկեան: Խօսք առաւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութիւնը՝ իր ունեցած երկամեայ բեղուն տարեշրջանին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջանային վարչութեան: Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով: