Սահմանադրական Դատարանը Անփոփոխ Ձգեց Ընտրութիւններու Արդիւնքներուն Վերաբերեալ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Որոշումը
Սահմանադրական դատարանը որոշեց ուժի մէջ ձգել Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումը 20 յունիս 2021-ին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Սահմանադրական դատարանի որոշումը ընթերցեց դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան: «Սոյն որոշումը վերջնական է եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն», ըսաւ Դիլանեան:
Ան յայտնեց, որ որոշումին ամբողջական բնագիրը օրէնքով սահմանուած եռօրեայ ժամկէտի մէջ պիտի հրապարակուի Սահմանադրական դատարանի կայքին վրայ եւ առաքուի կողմերուն:
Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական դատարանը որոշած էր միաւորել ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու վերաբերեալ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւններու դիմումները, քանի որ դիմումները կը վերաբերէին նոյն հարցին: Միաւորուած գործով դատաքննութիւնը սկսած էր 9 յուլիսին: